image

Կասեցուած է հակառակորդի ճարտարապետական աշխատանքները. Հայկական կողմէն տուժածներ չկան

Կասեցուած է հակառակորդի ճարտարապետական աշխատանքները. Հայկական կողմէն տուժածներ չկան

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ 26 մարտին, ժամը 16։30-ի սահմաններուն մասնաւորապէս՝ Բերդաւան գիւղի մերձակայքը տեղակայուած մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, միջդիրքային տարածքին, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փորձած են ճարտարապետական աշխատանքներ իրականացնել՝ մօտեցնելով իրենց դիրքերը։

Ինչպէս կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, չենթարկուելով հայկական առաջապահ ստորաբաժանումներու նախազգուշացումներուն՝ ատրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Պատասխան կրակով հակառակորդը լռեցուած է, ճարտարպետական աշխատանքները՝ կասեցուած։

Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։