Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Օլէկ Սիրոմոլոթով «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ զինեալ ահաբեկիչներ, օգտուելով Իտլիպի մէջ լարուածութեան իջեցման տարածքի ստողծումը, մեծ թիւերով ապաստանած են այնտեղ:
Սիրոմոլոթովի փոխանցմամբ, Իտլիպ ապաստանած ահաբեկչական կազմակերպութիւնները պարբերաբար յարձակումներ կ՛իրականացնեն տեղի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ ռուսական ռազմակայաններու ուղղութեամբ:
Սիրոմոլոթով նշած է նաեւ, որ Իտլիպը ահաբեկիչներէ ազատագրելու գործողութեան նախապատրաստական աշխատանքներն ամենայն բծախնդութեամբ ու գաղտի կ՛ընթանան, միաժամանակ յայտնելով, թէ այդ նպատակով համագործակցութիւն կ՛իրականացուի դաշնակից երկիրներու, մասնաւորապէս Թուրքիոյ հետ, որ ըստ Սիրոմոլոթովի, բազմիցս շեշտած է Իտլիպի մէջ ուժ չկիրառելու պահանջը: