image

Իսրայէլի բանակը մտադիր է իր պատերազմին մէջ դլփիններ օգտագործել

Իսրայէլի բանակը մտադիր է իր պատերազմին մէջ դլփիններ օգտագործել

Իսրայէլի բանակը վերջին շրջանին սկսած է դլփիններ ո մարզել՝ ծովուն խորերը անվտագութեան պարտականութիւններ իրականացնելու համար: Այս մաին «Ալ-Տիար»ի համաձայն հաղորդած է Իսրայէլի եբրայերէն «Թիւ երկու» ալիքը, նշելով, որ նման մարզումներու նպատակն է ապահովել  ռազմավարական կառոյցներու եւ իսրայէլեան նաւահանգիստներու պաշտպանութիւնը:

 

Ըստ հրէական հեռուստաալիքին,  Իսրայէլի բանակը  դլփինները կը մարզէ, որպէսզի անոնք ծովուն  տակ ականեր գտնելու, իսրայէլեան կարեւոր դիրքեր մօտեցող «Հըզպալլա»ի եւ «Համաս»ի ջրասոյզներ բացայայտելու ունակութիւններ ձեռք ձգեն, ինչպէս նաեւ զանոնք  ռազմական կարողութիւններով օժտել որպէսզի կարողանան  պայթուցիկ արքեր գտնել ծովուն հատակը: