Երէկ ծանր գիշեր մըն էր մայրաքաղաք Դամասկոսին համար: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ FCI կայանը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Դամասկոսի խաղաղ շրջանները նոյնպէս թիրախ դարձած են իսրայէլեան հարուածներուն: Հրթիռներ ինկած են յատկապէս Դամասկոսի Ժարամանա, Ապու Ռըմմանէ, Ալ-Քասսահ շրջաններուն վրայ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին այս ամէնէն ուժեղ հարուածն էր:
Իր կարգին, լիբանանեան RLL կայանը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան հարուածներուն թիրախը եղած է Դամասկոսի մէջ տեղակայուած իրանեան դիրքերը: