Իսրայէլ-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Այէլէթ Շէքիտ, որ ծանօթ է իր բանավէճային յայտարարութիւններով, այս անգամ յայտարարած է, որ ժամանակը հասած է արդէն՝ Քիւրտական անկախ պետութիւն հիմնելու, որ լաւ յարաբերութիւններ պիտի պահէ Իսրայէլի հետ: Այս մասին գրելով՝ «Տէյլի Սապահ» յայտնած է, որ Շէքիտ խօսք առնելով Թէլ Ավիւի մէջ գործող Ազգային Անվտանգութեան Ուսումնասիրութիւններու ինսթիթուտի (INSS) տարեկան համաժողովին, ըսած է. «Իսրայէլը պէտք է Թուրքիան եւ Իրանը իրարմէ անջատող անկախ քրտական պետութեան մը ստեղծելու կոչ ընէ եւ զօրավիգ կ'անգնի այդ գաղափարին»:
Աղբիւրի համաձայն, Շէքիտ նաեւ յայտնած է, որ Քիւրտ եւ Իսրայէլի ժողովուրդները գործընկերներ կրնան ըլլալ, յատկապէս տարածաշրջանի ծայրայեղական խմբաւորումներու եւ «Տահէշ»ի դէմ մղուած պայքարի մէջ: Ան նշած է նաեւ, որ Իսրայէլը պէտք է օգնէ քիւրտերուն, որ անոնց հարցը միջազգային ճանաչումի արժանանայ:
Աղբիւրը կը նշէ թէ, հակառակ որ Իսրայէլն ու Իրաքի մէջ Քրտական Տարածաշրջանային Կառավարութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան, սակայն անոնք զօրաւոր կապեր կը պահեն տնտեսական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ՝ «Տահէշ»ի դէմ ռազմական համագործակցութեան մէջ: