Երէկ ուշ գիշեր սկսած բախումները շարունակուած են մինչեւ այս առաւօտ։ Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը նշելով նաեւ, որ իսրայէլեան ուժեր ներթափանացում մը կատարած են Կազա հատուածին ուղղութեամբ եւ ընդհաննրած են «Համաս»ի զինեալներուն հետ։
Ըստ նախնական տուեալներու բախումներուն արդիւնքով զոհուած են իսրայէլացի եւ պաղեստինցի զինուորականներ։
Իրավիճակը ներկայ պահու դրութեամբ կը շարունակէ մնալ զգուշաւոր։
Յիշեցնենք, որ Կազա շրջանը կը գտնուի «Համաս» շարժումի տիրապետութեան տակ։