image

Իսրայէլ կը սպառնայ թիրախաւորել Ասատը

Իսրայէլ կը սպառնայ թիրախաւորել Ասատը

Իսրայէլի Ուժանիւթի եւ ջրային աղբիւրներու նախարար Եուվալ Շթայնից յայտնած է, որ Սուրիա եւ «Հըզպալլա» համատեղ կը գործեն, սպառնալով ռազմական հարուած հասցնել Ասատին, եթէ Իրան Թէլ Աւիւի կողմէ սահմանուած «կարմիր գիծ»երն անցնի:

Իսրայէլեան բանակի պաշտօնական ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նախարարը նշած է, որ Իսրայէլ «Հըզպալլա»ի եւ Իրանի հետ համատեղ պայքար մղող Ասատին մէջ կը տեսնէ հակամարտութեան տկար կէտը, միաժամանակ կոչ ուղղելով Ասատին լաւ մտածել, նախքան իր երկիրը Իրանի համար առաջնագիծի վերածելն ու Թեհրանին առիթ տալը, որ «Հըզպալլա»ին Սուրիոյ ճամբով զինամթերք մատակարարէ:

Իսրայէլցի նախարարը շեշտած է նաեւ, որ Ասատի որոշման հետեւանքով ինք՝ անձամբ, իր կառավարութեան ու բանակին հետ միասին կրնան վնաս կրել:

Նախարարին պնդմամբ, Ասատ եւ «Հըզպալլա» մէկ ճակատ են, հետեւաբար եթէ Իսրայէլ անոնցմէ մէկուն կողմէ յարձակման ենթարկուի, պարտաւորուած պիտի չզգա պատասխան հարուածը նոյն կողմին հասցնելու, այլ ինք պիտի ընտրէ յարմար ուղղութիւնն ու հակահարուածի դիմէ: