Լիբանան- «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնեց այսօր Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ գրանցուած երկու ահաբեկչական պայթումներուն պատասխանատուութիւնը: Այս մասին ԻՊ-ը, որ իր Թուիթերան էջով գրառում մը կատարեց, նաեւ յայտնեց, որ պայթումներէն առաջինը տեղի ունեցած է ականուած ինքնաթիռով (Մոթորսայքըլ) , մինչ երկրորդ պայթումը տեղի ունեցած է ականուած գօտի կրող ահաբեկիչի անձնասպանութեամբ: Նշենք, որ զոհերուն թիւը անցած է 37-ը, իսկ վիրաւորեալներունը` 200-ը: