image

Իրաք. Տահէշի աւարտը եւ Պաղտատիի «խալիֆայութեան» անկումը

Իրաք. Տահէշի աւարտը եւ Պաղտատիի «խալիֆայութեան» անկումը

Իրաքեան ուժերը երէկ ազատագրած են Մոսուլի աւերուած պատմական մզկիթը, ուրկէ Տահէշի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի երեք տարի առաջ «խալիֆայութիւն» հռչակած էր: Այս մասին յայտարարած է իրաքեան զինեալ ուժերը:

Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է. «Իրաքի մէջ Տահէշի գոյութիւնը յաւիտեանս դադրեցաւ», աւելցնելով, որ զինեալները անձնատուր ըլլալէ բացի այլընտրանք չունին:

Իրաքի իշխանութիւնները յայտնած են, որ քաղաքի համար պայքարը պիտի աւարտի յառաջիկայ օրերուն. Տահէշի զինեալները կը շարունակեն դիմադրել Մոսուլի հին քաղաքի քանի մը թաղամասերուն մէջ: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ քաղաքին վրայ իրաքեան ուժերուն վերահսկողութիւնը դարձած է ամբողջական: