Իրաքեան ուժերը երէկ ազատագրած են Մոսուլի աւերուած պատմական մզկիթը, ուրկէ Տահէշի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի երեք տարի առաջ «խալիֆայութիւն» հռչակած էր: Այս մասին յայտարարած է իրաքեան զինեալ ուժերը:
Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է. «Իրաքի մէջ Տահէշի գոյութիւնը յաւիտեանս դադրեցաւ», աւելցնելով, որ զինեալները անձնատուր ըլլալէ բացի այլընտրանք չունին:
Իրաքի իշխանութիւնները յայտնած են, որ քաղաքի համար պայքարը պիտի աւարտի յառաջիկայ օրերուն. Տահէշի զինեալները կը շարունակեն դիմադրել Մոսուլի հին քաղաքի քանի մը թաղամասերուն մէջ: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ քաղաքին վրայ իրաքեան ուժերուն վերահսկողութիւնը դարձած է ամբողջական: