Իրանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Ապպաս Մուսաուին արձագանգած է զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի սպանութեան հետեւանքով տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած իրավիճակի հետ կապուած Եւրոպայի ներկայացուցիչներու յայտարարութեան, կը հաղորդէ ISNA-ն:
«Մենք չենք կրնար ապաւինել անոնց, որոնք կը սատարեն ԱՄՆ-ին: Եւրոպան պէտք է խորաթափանցութիւն դրսեւորէ՝ ԱՄՆ-ի յանցագործութեան մասնակիցը չդառնալու համար: Աշխարհը կը հետեւի»,- գրած է ան Twitter-ի մէջ: