image

Ինծի Համար Շատ Բարձր Է Կոմիտասի Արուեստը. Անժէլիքա Աքպար (Լուսանկար)

Ինծի  Համար Շատ  Բարձր Է  Կոմիտասի  Արուեստը.  Անժէլիքա  Աքպար   (Լուսանկար)

Թուրք յօրինողը  Երեւանի մէջ ներկայացուց  Այվազովսքիի նուիրուած  «Տեսնել երաժշտութիւնը եւ լսել  գեղանակարները»  արուեստի  նախագիծը:  

  «Ես Այվազովսքիի  շնորհիւ է,  որ  սկսայ հասկնալ Պոլսոյ, Իտալիոյ, Հայաստանի, Ռուսիոյ  եւ Սթարզպուրկի մշակոյթները»,-  «Արեւելք»ին  ըսաւ  թուրք  երաժիշտ եւ յօրինող  Անժէլիքա Աքպար: Աքպար, որ       Երեւանի մէջ  վերջերս   ներկայացուց  Այվազովսքիի նուիրած իր յօրինումը նաեւ նշեց, որ «Ներկայացման մէջ    միայն  Միայն իմ յօրինումներս չէ, որ  կը հնչեն,  այլ կան տարբեր եղանակներ, ինչպէս՝ Սանթա Լուչիա, Մունլայթ եւ  ռուսական  Կլինքա երաժշտութեան   եղանակները:  Ես  զանոնք համադրած եւ զանազան ձեւերով վերայօրինած եմ»: Աքպար նաեւ նշեց, որ իր համար իւրայատուկ   տեղ  եւ արժէք ունի Կոմիտասը նշելով նաեւ, որ   իր ստեղծագործութեան մէջ եւ   կը հնչէ Կոմիտասի  երաժշտութիւնը: Այս առումով  ան ըսաւ, « Ես  Կոմիտասի մասին առաջին անգամ լսած եմ Մուրատ Ահմէտ Թուրան Ալթունէրէն  եւ իմ համար Կոմիտասի  արուեստը  շատ  կարեւոր տեղ  ունի»: Աքպար նաեւ յայտնեց, որ իրենց նախագիծին   մէջ  Կոմիտասի    երաժշտութիւնը ներգրաւելու համար      հայրենի     երաժիշտ   Սուրէն Ասատուրեան  գացած էր Պոլիս  եւ  ձայնագրութիւններ կատարած: Աքպար նաեւ յիշեցուց, որ Երեւանի մէջ  ներակայացուած ծրագիրը  նոյնպէս ներկայացուած է  այլ քաղաքներու ինչպէս ՝  Անգարայի, Խրիմի, Նիւ Եորքի  եւ Պոլսոյ  մէջ: Աքպար  խօսելով  ծրագրին մասին  ըսաւ, թէ  «Ներկայացուած  ծրագիրը Այվազովսկիի գեղանկարներուն հիման վրայ  ստեղծուած  նախագիծ  է, ուր     նկարիչին   գործերը տիճիթըլ   մեթոտներով վերակենդանացնելով  փորձած  ենք   նոր լուծումներով   եւ երանգներով հանդիսատեսը  հաղորդակից դարձնել Այվազովսքիի արուեստին»:    Աքպար նաեւ ըսաւ, որ   նախագիծը      հովանաւորուած   է «Պոյութ»       արուեստի նախագիծներ  պատրաստող   ընկերութեան  կողմէ:  Խօսելով  գործին  ստեղծման      մասին   Աքպար ըսաւ. « 25 տարի առաջ երբ Ռուսիայէն Թուրքիա եկայ, գիտակցեցայ, որ Թուրքիոյ մէջ Այվազովսկին շատ սիրուած է, նոյն ատեն իմացայ, որ Այվազովսկին շատ սիրած է Պոլիսը եւ  անոր  շատ մը գեղանկարներուն մէջ Պոլիսը  մնայուն  ներկայութիւն է :Ան շատ երկիրներ շրջելով հանդերձ, Պոլսոյ  հանդէպ ունեցած է  տարբեր  մօտեցում մը: Այվազոսքիին համար  Պոլիսը  տարբեր  հոտ ու բոյր ունեցող  քաղաք է աւելի կատարեալ քան Նափոլին  կամ  Վենետիկը:  Աքպար նաեւ  ըսաւ, որ «Պոյութ»  միութիւնը, 16 թանգարաններէ հաւաքած   է Այվազովսկիի գործերը (այդ գործերուն կրկնապատկերները  ցուցադրելու իրաւունքը  գնուած է) եւ միասին բծախնդիր աշխատած ենք, որպէսզի  նկարները բարձր  որակով ներկայացուին: Այս մէկը ինծի մեծ ուժ տուաւ, եւ ես Այվազովսկիի հոգիին մէջ սկսայ թափառիլ եւ մուտք  գործել  անոր ներաշխարհը:   Խօսելով Երեւան  տուած իր  այցին մասին` ան նշեց, որ այս  այցելութիւնը  իր  երկրորդ այցն  է  դէպի Երեւան:  «Երեւանցի հանդիսատեսը  շատ բարեկամական եւ ջերմ մօտեցում ունեցաւ , յատկապէս այն մարդիկ, որոնք  գիտէին մեր նախագիծին մասին:   Սկիզբը եղան  որոշ վերապահութիւններ ծրագիրս ընդունելու առումով եւ  շատեր հարց տուին, թէ  ինչո՞ւ թուրքեր  այս  տիպի ծրագրով հանդէս  կու գան.   սակայն  երբ  գործին  ծանօթացան  շատ  դրական  կերպով արձագանքեցին: Քիչ   չէին անոնք, որ ըսին «Մենք Այվազովսկին ճանչցած կը կարծէինք, բայց այս ծրագիրը տեսնելէն վերջ նկատեցինք, որ չէինք ճանչնար եւ  սկսանք  տարբեր հայացքով    ընկալել   իր արուեստը: Համերգէն առաջ բարձրախօսով դիմեցի ներկաներուն  բացատրելով, թէ ինչու եկած եմ, Այվազովոսկին սիրած եմ ու զինք սիրելով կը յուսամ որ մարդիկ ալ սիրեն զինք, ես լացի այդ պահուն ըսելով թէ, «Այվազովսկին սիրած է Պոլիսը, մենք սիրած ենք զինք ու այս ծրագիրը սկսած: Նշանաւոր արուեստագէտներ ներկայ եղան համերգին ինչպէս Փարաւոն Միրզոյեանը, գեղանկարիչներու միութեան նախագահը եւ ուրիշներ»: Աքպար  իր խօսքի աւարտին կարեւորեց  մշակութային համատեղ ծրագիրներու     կազմակերպումը,   հաւաստելով` «Նման ծրագիրներու   շնորհիւ կարելի պիտի  ըլլայ, որ   թուրք եւ հայ ժողովուրդները   մտերմութիւն մը աճեցնեն եւ երկխօսութեան  նոր ճանապարհներ  բանան»: