image

Ի՞նչ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ 14 Փետրուարի երեկոյեան

Ի՞նչ  տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ 14 Փետրուարի երեկոյեան

Առաջին անգամը չէր, որ լիբանանցի բեմադրիչ Շարպէլ Խալիլի պատրաստած   քաղաքական երգիծանքի ծրագիրը կ'արժանանար ծանր մեղադրանքներու:        Խալիլ, որ օրեր առաջ իր  «Ալ Ժատիտ»  պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուող  «Տումա Քարասի»  յայտագրին  ընթացքին բարձրացուցած էր 39 տարի առաջ   շիիթ կրօնական գործիչ Իմամ Մուսա Ալ Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն առեւանգման նիւթը, կը մերժէր ներողութիւն հայցել «Ամալ» շարժումի   հասարակութեան, որոնց կարծիքով Խալիլ վիրաւորած էր իրենց հոգեւոր առաջնորդ՝ Ալ Սատըրն ու ներկայիս  գործող ղեկավար Նէպիհ Պըրրին:

  Ընկերային ցանցերու վրայ «սաստկացած»  բողոքի ալիքը  ժամերու ընթացքին կը տեղափոխուէր փողոց եւ «կանաչ կուսակցութեան» (այստեղ գոյնը կապ չունի կուսակցութեան բնապահպանական թեքում ունենալուն հետ, այլ «Ամալ»  շարժումի («Ամալ» արաբերէնով կը նշանակէ՝ յոյս. Խմբ. Ս.Ա.)  դրօշակին  գոյնն է) հարիւրաւոր  համակիրներ կը հաւքուէին «Ալ Ժատիտ»  կայանի   մուտքին եւ կը պահանջէին, որ կայանի տնօրէնութիւնը ներողութիւն խնդրէ իրենցմէ: Առաջին  բողոքի  հաւաքէն  ետք ցուցարարները,  այս անգամ աւելի մեծ թիւերով դարձեալ կը ներկայանային «բողոքի հրապարակ» եւ կը յայտարարէին, որ մտադիր են ամէն գնով  «ներխուժել»  կայան, որովհետեւ ոչ յայտագրի հեղինակ Խալիլ եւ ոչ ալ կայանի տնօրէնութիւնը       ներողութիւն խնդրած են իրենցմէ:

 Ցուցարարներու թիւին կուտակումին հետ կայանի լրագրողները պատկան  մարմիններէն արագ միջամտութիւն կը  խնդրէին, նկատել տալով նաեւ, որ իրենք   կրնան   ենթարկուիլ բռնութիւններու:

  Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ օրեր  առաջ սփռուած «մարիոնէթ»ային  յայտագրին ընթացքին հանդէս եկած հիւրը Իմամ Մուսա Ալ Սատըրի ընկերակից Շէյխ  Մոհամմէտ   Եահգուպի որդին՝ Հասան  Եահգուպն էր, որ  եղած էր խորհրդարանի անդամ եւ  «քաղաքական» տարակարծութեանց հետեւանքով հեռացած էր «Ամալ» կուսակցութենէն եւ այսօր կը համարուէր նոյն կուսակցութեան հակառակորդ:

  Ու բացի այդ, նոյն յայտագրին «կը մասնակցէին» (Տիկնիկներու  ձեւաչափով) Լիպիոյ սպաննուած նախագահ Մոհամմար Ալ Քազաֆին, ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը   եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի:

  Յայտագրին  ձեւաչափին ենթարկուելով Խալիլի իրական հիւրը՝ Եահգուպն էր, որ կը խօսէր տիկնիկներուն հետ եւ տարբեր թեմաներու կողքին կը խօսուէր Մուսա Ալ Սատըրի առեւանգման  նիւթին մասին:

  Այստեղ հարկ կը համարեմ  յիշեցնել, որ նախկին երեսփոխան Հասան Եահգուպ     եօթ ամիսներ  բանտարկուած էր, Մոհամմար Ալ Քազաֆիի որդին՝ Անիբալ Ալ Քազաֆին առեւանգած եւ ծեծի  ենթարկած ըլլալու  մեղադրանքով: Լիբանանի հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւած այդ առեւանգման դէպքը տեղի ունեցած էր  2016-ին  եւ  Քազաֆիի որդին  ցարդ ալ կը պահուի լիբանանեան բանտերուն մէջ:

  Եահգուպ  բանտէն  ազատ  արձակուելէն  ետք ալ չէր ընդունած,  իրեն ուղուող մեղադրանքները, բայց եւ այնպէս  ամէն առիթի  յայտարարած էր, որ իր հօր Շէյխ Մոհամմատ Եահգուպի   եւ Իմամ Մուսա Ալ Սատըրի դատը չէ հասած արդարութեան եւ 30 տարի օրինական միջոցներով այդ դատը պաշտպանելէ ետք ժամանակն է «գործի անցնիլ»: Եահգուպին եւ մեծ թիւով լիբանանցիներու համար Քազաֆի կը համարուի գլխաւոր պատասխանատուն շիիթ կրօնական գործիչն ու անոր ընկերակիցները առեւանգելու մէջ, հետեւաբար Քազաֆիի որդին՝ Անիբալ   Քազաֆի, նոյնպէս  մեղսակից էր:

  Այս նրբութիւններէն անդին սակայն «Ամալ» շարժումի անդամները բողոքի հաւաք կը կատարէին, ոչ թէ յիշելով կամ յիշատակելով իրենց «հոգեւոր առաջնորդ»ի առեւանգումն ու լոյսին բերելու անոր դատը, այլ անոնց համար  կարեորը  իրենց այսօրուան  ղեկավարին հանդէպ  եղած  սուր երգիծանքին դէմ դնելն էր:

 Ու  այս  բոլորի լոյսին տակ  քրիստոնեայ բեմադրիչ՝ Շարպէլ Խալիլ կը մերժէր ներողութիւն խնդրել բոլոր անոնցմէ, որոնք «պաշարած էին» «Ալ  Ժատիտ»  կայանը եւ  կը սպառնային կոտրել կայանի գլխաւոր դուռը եւ «երկինքը  վար բերել»: Խալիլ կ'ըսէր, որ այս առաջին անգամը չէ, որ նման բողոքի ալիք մը  կ'աճի իր դէմ, յիշեցնելով, որ եղած բողոքը մերժելի է, որովհետեւ սկզբունքներու համար չէ, այլ՝ ներ-համայնքային  նեղ  հաշիւներու: Բողոքի ալիքի նոյն գիշերը Խալիլ     «Ալ Ժատիտ» կայանի լրագրողին խօսելով կ'ըսէր՝ «Ներողութիւն պիտի չըսեմ:  Ի՞նչէն ներողութիւն խնդրեմ: Իմ խորհուրդս է,  որ լիբանանցիները բողոքի հաւաք  ընեն ոչ թէ ներհամայնքային դրդումներով այլ յանուն իրենց արդար  իրաւունքներուն՝  ապրուստի, անվտանգութեան եւ քաղաքացիական արդարութեան համար: Եղած յարձակումը  անընդունելի է եւ մենք ոչ ոքի չենք վիրաւորած, շատեր կան, որոնք «Ալ Ժատիտ» կայանին վրայ յարձակեցան ու  իմ դէմ  Թվիթըրի վրայ  հայհոյանքներ ըրին, անոնք   նոյնիսկ մեր  ներկայացուցած  յայտագիրը չեն տեսած: Ու այսպէս մեր ներկայացուցած յայտագրին դէմ աւելորդ եւ անհիմն բողոքի ալիք կը բարձրացնեն: Մենք նոյնիսկ  Իմամ Մոսա Ալ Սատըրին մասին  չենք խօսած»:

  Յիշեցնելու կարգով պէտք է նշել, որ Խալիլի դէմ նման կամ տարբեր «ֆորմաթ»ի բողոքի  հաւաքներ եղած են տարբեր առիթներով ՝ 2006-ին, 2013-ին եւ  2016-ին: 

 

Անոր դէմ  եղած ամէնէն լայնածաւալ բողոքի ցոյցերը եղած են  2006-ին, երբ   Խալիլ  այս անգամ «Էլ. Պի. Սի. Այ7»  կայանէն սփռուող «Տումա քրաթիյա»  յայտագիրէն՞՞՞ ծաղրանկարային կերպարանքով կը ներկայացնէր «Հիզպուլլահ»ի   առաջնորդ՝  Սէյիտ Հասան Նասրալլայի կերպարը:  Առ ի բողոք  այդ երեւումին նոյն կուսակցութեան հարիւրաւոր համակիրներ փողոց իջնելով  եւ անիւներ այրելով կը փակէին Պէյրութի գլխաւոր ճանապարհները: Անոնք նոյնիսկ կը սպառնային    «լինչի դատաստան»ի ենթարկել  Խալիլը: Պէյրութը չէր հանդարտէր, մինչեւ որ Խալիլ նոյն պատկերասփիւռի կայանէն հանդէս գալով ներողամտութիւն կը  հայցէր «իր  ակնդիրներ»էն, որուն կը հետեւէր Սէյիտ Հասան Նասրալլայի իր  համակիրներուն ուղղուած  հանդարտեցման  կոչերը:

 

Վերադառնալով «Ալ Ժատիտ»   կայանին դէմ   եղած     «գրոհ»ին  «Ալ Հայաթ» պարբերականի վերլուծաբան Հազէմ Սաղիյէ հինգշաբթի առաւօտ լոյս տեսած իր կարճ նշմարին մէջ այսպէս կը նկարագրէր պատահարը: Ան կ'ըսէր. «Մինչ քաղաքացիները կը պատրաստուէին «վայելել» իրենց երեկոն, կը պատահէր անսպասելին: Եւ այն յոյսը, ըստ որուն Լիբանան մտած է  ապահովութեան  նոր  հանգրուան մը յօդս կը ցնդէր: «Ջղայնացած ամբոխ»ը կը յարձակէր «Ալ Ժատիտ» կայանին վրայ, հակառակ անոր, որ  իմ նման շատերուն համար անհաւատալի կը թուար, որ այդ կայանը (որուն համակիրներէն չեմ)  ծաղր ու ծանակի ենթարկած է    39  տարի առաջ առեւանգուած Իմամ Մուսա Ալ Սատըրը: Տխուր փաստ է, որ հակառակ  մեր  երկրի նախագահի օրէնքի գերակայութեան մասին  կատարած  յայտարարութիւններուն, նման հակաժողովրդավարական երեւոյթներու կը հանդիպինք: Ու ամենատխուրը այն է, որ մեր երկիրը կրնայ երկար ատեն նման  պատահարներու «զոհ»ը դառնալ, այնքան ժամանակ, որ «սրբացում»ն ու սրբացուածին գաղափարները աւելի վեր կը դասուին հասարակ քաղաքացիnyrov իրաւունքներէն»:

 Սաղիյէ, որ աւելի խորունկ կը նետէ իր մտքի խարիսխը, իր վերջին տողերու  վերլուծութիւնով կը բարձրաձայնէ քաղաքական հրապարակին վրայ ցանկացած գործիչի մը, կամ նոյնիսկ գործիչներու սրբացումը, որ Լիբանանի պէս  «փխրուն  ժողովրդավարութեամբ» եւ տարբեր համայնքերու գոյակցութեամբ ապրող  երկրին մէջ կրնայ առաջնորդել, բաւականին սուր բախումներու եւ նոյնիսկ քաղաքացիական «անսպասելի»  պատերազմներու:

   «Ալ Ժատիտ» կայանին շուրջ տեղի ունեցած բողոքի հաւաքը իր լրումին կը հասնէր երկրի նախագահ  զօր. Միշէլ Աունի անմիջական միջամտութեամբ: Նախագահը, որ պաշտօնական այցով կը գտնուէր Ամման, ապահովական    մարմիններէն կը պահանջէր արագ շարժիլ եւ ցուցարարները կարելի եղած բոլոր  խաղաղ միջոցներով  ցրուել:

 Այդպէս ալ կը կատարուէր: «Ամալ» շարժումի «խելագարուած ամբոխ»ը նկատելով բանակային ուժերու մեծ կուտակումներu ստիպուած կ'ըլլար լքել «մարտական  դաշտ»ը ու հեռանալ:

 Պէյրութը հերթական  անգամ  կը փրկուէր  ծանր աւարտով յղի սցենարէ մը, այն  եզրակացութեամբ, որ   երկար տարիներու պետականութեան  մը  կենսագրութիւն ունեցող  երկիրը կրնայ մէկ օրէն միւսը  պայքարի  իրական «մարտադաշտ»ի վերածուիլ:

 Քաոսին պատրուակը այս անգամ Մուսա Ալ Սատըրն էր, որուն ամբողջ   էութիւնն ու կենսագրութիւնը եղած է պայքար՝  յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան:

 

 Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս