«Monitor» կայքը յօդուած մը հրպարակած է, ուր ռազմագէտ Անթոն Մարտասով դիտել տուած է, որ Ռուսիա դժուարութեամբ քայլ կը պահէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն հետ:
Յօդուածագիրին կարծիքով, մինչեւ վերջերս Սուրիոյ համամարտութիւնը ռազմական բախումներու վրայ հիմնուած էր, սակայն վերջերս այն անցում կատարած է դէպի տնտեսական դաշտ:
Որպէս օրինակ նշուած է Ռուսիան Ղրիմի հետ կապող նոր կամուրջը, որ յառաջիկային կրնայ Ռուսիայէն Սուրիա տեղափոխուելու գլխաւոր ճանապարհը դառնալ:
Յօդուածագիրին փոխանցմամբ, նորաբաց կամուրջի ծախսը կազմած է 3 միլիառ տոլար, որուն բացման արարողութիւնը համընկած էր Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ ռուսական զբօսաշրջային համալիրի հիմնաքարի զետեղման հետ:
Համեմատելով զոյգ նախագիծերը, Մարտասով նշած է, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկանի Փութինի մօտիկ անձնաւորութիւններէն մէկուն, որոնք երկուքն ալ ներգրաւուած են Եւրոմիութեան եւ ԱՄՆ-ի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներու ցուցակներուն մէջ:
Մարտասով անդրադարձած է նաեւ շարք մը տնտեսական ծրագիրներու, որոնց մէջ Ռուսիա ինքզինք սուզած է, որոնցմէ է 997 միլիոն տոլարի արժողութեամբ Լաթաքիոյ հետ կնքուած համատեղ նախագիծերու համաձայնագիրը:
Սակայն այնուամենայնիւ, յօդուածագիրը կը շեշտէ, որ Սուրիոյ հետ Ռուսիոյ տնտեսական համագործակցութիւնն այնքան ալ հեզասահ չ'ընթանար: Խնդիրներէն մէկն է սուրիական արտադրանքը Ռուսիա տեղափոխելու վերաբերեալ հարցերու ծագիլը, որովհետեւ Ռուսիա տակաւին լիովին համոզուած չէ սուրիական արտադրանքն ընդունելու հարցով, նկատի ունենալով ներկայիս շուկայի սահմանափակուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները, որոնք կրնան գերազանցել սպասուած շահը: