image

«Իմ կարծիքով Լիբանանի մէջ եղած փոփոխութիւնները անշրջելի են» Լրագրող Վան Մկրտիչեան

«Իմ  կարծիքով Լիբանանի  մէջ  եղած  փոփոխութիւնները  անշրջելի են» Լրագրող  Վան  Մկրտիչեան

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ  լիբանանահայ լրագրող Վան Մկրտիչեան.

Նշենք,  որ Մկրտիչեան  վերջին  տարիներուն հաստատուած է Փարիզ եւ աշխատակիցն է   France 24     հանրայայտ  կայանին.

 

 

-Նպատակ  ունենալով մասնակցութիւն բերել  Լիբանանի  մէջ  ընթացող բողոքի   գործողութիւններուն ՝  վերջերս մեկնած էիք  Պէյրութ. ի՞նչ  են   ձեր     ընդհանուր  տպաւորութիւնները։


Երբ  Հայաստանի  ցոյցերը    սկսան    եւ      այդ  բողոքի ալիքը     պսակուեցաւ «Թաւշեայ  յեղափոխութեան»    յաղթանակով,  լիբանանցի ընկերներէս շատեր ինծի  գրեցին, ըսելով, որ ա՛յս է մեր յոյսը... Անոնք   յատկապէս կ՚ակնարկէին  Հայաստանի մէջ խաղաղ ձեւով ժողովուրդի կամքին յաղթանակին,    ըսելով նաեւ, որ   անոնց համար      Հայաստանի  դէպքերը    դրական  շունչ մը  հաղորդեցին։

Չմոռնամ նաեւ, որ  Պէյրութի  մէջ    երեւցած   բողոքի ալիքը   արդիւնք էր վերջին  տարիներու   երկրին մէջ  տիրող անմխիթար   իրավիճակին։  Իրավիճակը հասած էր  տեղ մը, երբ այլեւս կարելի չէր  ժողովուրդին   ու  նոր սերունդին վրայ խնդալ։

Պատկերացուցէք, որ Պէյրութ   հասնելէս  անմիջապէս ետք ես   մասնակցութիւն բերի այդ ցոյցերուն...   Առաւօտ   շուտ կ՚արթննայինք  եւ   ու հակառակ  անոր, որ իրար  ծանօթ չէինք,   ձեռք ձեռքի տուած   պայքար կը տանէինք...  Այս սերունդն է,  որ այսօր կը շարժէ փողոցը, եւ այս նոր սերունդին ոչ մէկը կրնայ շահագործել  կամ  լռեցնել:

Ես Լիբանանը փոխուած տեսայ, եւ այս փոփոխութիւնը անշրջելի է, վիճակը   այլեւս   անցեալին  չի   դառնար ... այսօրուայ Լիբանանը ուրիշ մակարդակի    վրայ է  եւ իմ կարծիքով, ալ  ետդարձ չկայ: Երկրին մէջ եղած բոլոր սուտերը, գողութիւնները, դուրսէն եկած   գումարներու  յափշտակումը  այլեւս    պիտի վերջանան։ Այսօր  երիտասարդութիւնը բաւարար գիտակցութիւնը ունեցաւ բոլորին դէմ կանգնելու։ Ճիշդ է, որ այս ճամբան  երկար է, բայց եթէ   ճիշդ  դատենք,  պիտի նկատենք,  որ   20  օրուան մէջ,  շատ  աւելի բան փոխուեցաւ, քան թէ՝ 30 տարուան մէջ:

 

- Ի՞նչ  զգացումներ  ունեցաք  մասնակցելէ   ետք այդ  ցոյցերուն։


 Ճիշդը,   ցոյցի  օրերը կեանքիս ամենաուրախ օրերն էին, եւ այ մէկը  առանց չափազանցութեան։  Զգացի, որ իսկապէս կրնանք ինչ որ բան փոխել եւ  երկիրը կրնայ յառաջդիմել. Զգացի, որ պէտք չէ լքենք  Լիբանանը, զգացի, որ իմ ձգել Փարիզ երթալովս, լռելովս այս երիտասարդութեան դաւաճանած  պիտի ըլլամ։ Զգացի,  որ ոչ թէ ես կամ մենք, այլ այս դաւաճան, գող քաղաքական պատասխանատուներն են, որ պէտք է ձգեն հեռանան եւ  մենք պէտք է վերադառնանք եւ աւելին ընենք։   Ցոյցի  օրերուն  հազիւ թէ  տուն  կ՚այցելէի լոգնալու եւ   հագուստներու  համար, նոյնիսկ  ատեն  չունեցայ  մայրս տեսնելու ....  ու յաճախ եղան   պահեր,   երբ  ստիպուած եղայ   փողոցներուն մէջ  գիշերելու ...

Տարբեր  էր  վիճակը,    տարբեր էինք մարդիկ ու    մանաւանդ  տարբեր էին   երիտասարդները, որոնք  ինծի եւ ինծի պէսներուն մտածել տուին, որ  Լիբանանն  իրապէս  մտած է  փոփոխութիւններու  ժամանակաշրջանը։