Իսրայէլեան բանտերուն մէջ 29 տարի բանտարկուած մնացած եւ ազատ արձակուած Լիբանանցի նախկին գերի Սամիր Քընթար սպաննուեցաւ ՝ Դամասկոսի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ յայտնեցին, որ Քընթար եւ այլ սուրիացի պատասխանատուներ ուրիշներ սպաննուած են իսրայէլեան օդանաւի մը հրթիռարձակման հետեւանքով Դամասկոսի Ժարամանա շրջանին մէջ: Այս մասին նոյնպէս յայատարարութեամբ հանդէս եկաւ «Հըզպալլա»ն, որ յայտնեց, թէ կազամկերպութեան մէջ պատասխանատու դեր ունեցող Քընթար սպաննուած է: Ըստ «Ռօյթըրզ»ի իսրայէլեան աղբիւրներ իրենց գոհուանկութիւնը յայտնած են Քընթարի սպաննութեան վերաբերեալ: Նշենք, որ 22 Ապրիլ 1979-ին «Պաղեստինի ազատագրութեան ճակատ»ի անդամ 16 տարեկան Քընթար ֆիտայական գործողութիւն կատարած էր Իսրայէլի Նահարայա շրջանին մէջ եւ սպաննած 2 իսրայէլացիներ ստանալով ցկեանս բանտարկութեան պատիժ: Ան 2008-ին «Հըզպալլա»-ի եւ իսրայէլեան կառավարութեան միջեւ տեղի ունեցած համաձայնութան մը շնորհիւ ազատած էր բանտէն: Նշենք, որ «Հըզպալլա» Սուրիոյ բանակին կողքին կը մասնակցի երկրին մէջ արդէն 5 տարիէի ի վեր ընթացող արիւնալի պատերազմին: