image

«Հըզպալլա»ի Պատասխանատու Եւ Լիբանանցի Նախկին Գերի Սամիր Քընթար Սպաննուեցաւ Դամասկոսի Մէջ

«Հըզպալլա»ի  Պատասխանատու Եւ  Լիբանանցի  Նախկին Գերի  Սամիր Քընթար Սպաննուեցաւ Դամասկոսի Մէջ

   Իսրայէլեան բանտերուն մէջ  29  տարի   բանտարկուած մնացած եւ       ազատ արձակուած Լիբանանցի  նախկին  գերի Սամիր Քընթար  սպաննուեցաւ ՝ Դամասկոսի մէջ:  Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող  աղբիւրներ   յայտնեցին,  որ Քընթար  եւ այլ   սուրիացի      պատասխանատուներ  ուրիշներ սպաննուած  են  իսրայէլեան    օդանաւի մը հրթիռարձակման   հետեւանքով Դամասկոսի Ժարամանա  շրջանին մէջ: Այս մասին նոյնպէս յայատարարութեամբ հանդէս եկաւ «Հըզպալլա»ն, որ յայտնեց, թէ կազամկերպութեան  մէջ   պատասխանատու դեր  ունեցող Քընթար  սպաննուած է: Ըստ «Ռօյթըրզ»ի իսրայէլեան   աղբիւրներ     իրենց գոհուանկութիւնը յայտնած են  Քընթարի   սպաննութեան վերաբերեալ: Նշենք, որ  22  Ապրիլ 1979-ին     «Պաղեստինի ազատագրութեան ճակատ»ի անդամ  16  տարեկան  Քընթար  ֆիտայական գործողութիւն կատարած  էր  Իսրայէլի Նահարայա շրջանին մէջ եւ սպաննած    2   իսրայէլացիներ ստանալով  ցկեանս  բանտարկութեան պատիժ: Ան  2008-ին «Հըզպալլա»-ի եւ իսրայէլեան կառավարութեան միջեւ  տեղի ունեցած       համաձայնութան մը շնորհիւ   ազատած  էր բանտէն: Նշենք, որ «Հըզպալլա»     Սուրիոյ    բանակին կողքին կը   մասնակցի    երկրին  մէջ արդէն    5  տարիէի ի վեր ընթացող    արիւնալի պատերազմին: