Ամերիկեան «The Atlantic» ամսագիրը յօդուած մը հրապարակած է, ուր կ'անդրադառնայ Իսրայէլն սպառնացող Սուրիոյ մէջ իրանեան ազդեցութեան հզօրացման վտանգներուն:
Աղբիւրը լուսարձակի տակ առած է օրէ օր զարգացող «Հըզպալլա»ի զինամթերքն ու իրանեան արտադրութեան «Ֆաթէհ - 110» հրթիռները:
Ամսագիրն զգուշացուցած է յատկապէս «Հըզպալլա»ի կողմէ սպառնացող վտանգին, շեշտելով, որ ներկայիս աւելի քան երբեք պատրաստ է վնաս հասցնել Իսրայէլին, եւ անոր հրթիռները կրնան վտանգի ենթարկել իսրայէլեան ռազմական ու քաղաքացիական կառոյցները:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը համաձայն, ներկայիս «Հըզպալլա» մօտ 100 հազար հրթիռ եւ ամենայն հաւանականութեամբ իրանեան «Ֆաթէհ - 110» ունի, որուն միջոցով կրնայ թիրախաւորել իսրայէլեան օդանաւերն ու անօդաչու օդանաւերու համակարգը:
Նշուած է, որ պաշտպանութեան ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալող որոշ իսրայէլցի պաշտօնեաներու կարծիքով, «Հըզպալլա» այդ հրթիռները կ'օգտագործէ նաեւ Սուրիոյ արեւմտեան շրջաններուն մէջ, բան մը, որ կը նշանակէ, թէ առանց Լիբանանը պատերազմի վտանգին ենթարկելու կրնայ հարուած հասցնել Իսրայէլին: