image

«Հըզպալլա»ի 5 զինեալներ ազատ արձակուեցան. Լիբանանցիք հակասական կարծիքներ ունին Արսէլի դէպքերուն մասին

«Հըզպալլա»ի    5 զինեալներ ազատ արձակուեցան. Լիբանանցիք   հակասական կարծիքներ ունին  Արսէլի    դէպքերուն մասին

Նախօրօք  եղած   համաձայնութեամբ    լիբանանեան «Հըզպալլա»  կազմակերպութեան 5   գերիներ  երէկ ուշ երեկոյեան ազատ  արձակուեցան:  Այս    մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց   «Հըզպալլա»ի  բանբեր համարուող  «Ալ Մանար»  կայանը:

Աղբիւրը  նշեց, որ  «Ալ Նուսրա»    ահաբեկչական խմբաւորման   զինեալներու   հեռացումէն ետք  «Հըզպալլա»ի  5 զինեալները  ազատ արձակուեցան   Սուրիոյ  Համա   նահանգի     գիւղական «Ալ Սահըն»  անցքին մօտ:   

Նշենք, որ եղած   համաձայնութեան հիմքով    Արսէլի մէջ   գտնուող «Ալ Նուսրա»   ճակատի     բոլոր զինեալները   իրենց  ընտանիքներով    քաշուած էին Լիբանանէն եւ  մարդատար  կառքերով   ցամաքային  ճանապարհ բռնելով  հասած ՝  Իտլիպ:

Շաբաթ  մը առաջ     ընթացք  առած  մարտերուն  հետեւանքով  «Ալ Նուսրա»ի առաջնորդ  Ապու Մալլէք Ալ Թալլի  բանակցութիւններ վարած էր լիբանանեան կողմին հետ   գլխաւորութեամբ  երկրի ընդհանուր ապահովութեան  նախկին տնօրէն՝  զօր.   Ապպաս Իպրահիմի:    Մարտերու  թէժացումէն ետք   ընթացք  առած բանակցութիւններուն արդիւնքով  լիբանանեան մարմիններ ազատ արձակած  էին «Ալ Նուսրա» ճակատի  մօտիկ   համարուող     3     բանտարկեալներ  եւ աւելի ուշ  Արսէլէն  հեռացած  էին   7777  սուրիացիներ, որմէ ետք  «Ալ Նուսրա»ի  ղեկավարութիւնը    ազատ կ'արձակէր  «Հըզպալլա»ի    5  զինեալները, որոնք  գերեվարուած էին Սուրիոյ  մէջ     եղած   մարտերուն ընթացքին:

«Հըզպալլա» նաեւ կը  համաձայնէր, որ զինեալները  իրենց հետ  վերցնէին  բացառապէս, իրենց թեթեւ տեսակի  զէնքերը, մինչ  թնդանօթները եւ    հրանօթային   կառքերը   կ'անցնէին    «Հըզպալլա»ի  ձեռքը:

 Շիիթ   կուսակցութեան Առաջնորդ  Սէյիտ Հասան  Նասրալլա, որ այս թեմային  մասին պատկերասփռուած  ելոյթ մը ունեցած էր   ըսած էր, որ իրենք պատրաստ են   իրենց ազատագրած  շրջանները    լիբանանեան   բանակին յանձնելու:

 Յիշեցնենք, որ Արսէլ  շրջանը    եւ յատկապէս  վերջին  երեք տարիներուն      դարձած էր  պատուհաս   ամբողջ Լիբանանիn   համար եւ    հոն   պատրաստուած ահաբեկիչներ  տարբեր առիթներով ոճրային   պայթումներ կատարած էին երկրի    տարբեր  հատուածներուն եւ յատկապէս «Հըզպալլա»ի կեդրոնատեղի համարուող   Պէյրութի  «Արեւմտեան արուարձան»ին  մէջ:

 

Լիբանանի  համար շատ   կարեւոր  այս  ձեռքբերումը    կը  շարունակէ   վէճի  առանցք  դառնալ տրուած ըլլալով, որ   երկրի կարեւոր մէկ հատուածը   դէմ  է, որ «Հըզպալլա»ն մասնակցի Սուրիոյ   մէջ  ընթացող   պատերազմին: