Լիբանանեան լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ Արսէլի բարձունքներուն ռազմական կարեւոր յառաջխաղացք գրանցած «Հըզպալլա»ն ցուցադրած է լիբանանեան բանակի զոհերուն պատկերները:
Արսէլի դէպքերուն հետեւող վերլուծաբաններուն կարծիքով «Հըզպալլա»ի այս քայլը մարտավարական «ապտակ» կը համարուի՝ ուղղուած յատկապէս «Ալ Նուսրա» ճակատին, որ կը համարուի ահաբեկչական խմբաւորում:
Յիշեցնենք, որ բանակի զոհուած զինուորները սպաննուած էին Արսէլի լեռնային հատուածներուն մէջ շատ յաճախ ենթարկուելով ամէնէն անմարդկային չարչարանքներու: