image

«Հըզպալլա» լիբանանեան բանակի զոհերուն պատկերները տեղադրած է Արսէլի բարձունքներուն վրայ

«Հըզպալլա»     լիբանանեան բանակի  զոհերուն     պատկերները       տեղադրած է Արսէլի   բարձունքներուն  վրայ

Լիբանանեան  լրատուամիջոցներու  փոխանցմամբ   Արսէլի  բարձունքներուն   ռազմական  կարեւոր յառաջխաղացք  գրանցած  «Հըզպալլա»ն    ցուցադրած է      լիբանանեան   բանակի  զոհերուն    պատկերները: 

Արսէլի դէպքերուն  հետեւող  վերլուծաբաններուն  կարծիքով «Հըզպալլա»ի այս  քայլը      մարտավարական «ապտակ» կը  համարուի՝ ուղղուած յատկապէս «Ալ Նուսրա»  ճակատին, որ     կը համարուի ահաբեկչական խմբաւորում:

Յիշեցնենք, որ  բանակի    զոհուած  զինուորները սպաննուած էին Արսէլի լեռնային հատուածներուն  մէջ   շատ յաճախ ենթարկուելով ամէնէն անմարդկային չարչարանքներու: