image

«Հըզպալլա» կը պատրաստուի դաժանագոյն պայքարի

«Հըզպալլա» կը պատրաստուի դաժանագոյն պայքարի

«Ալ Ճումհուրիէ» թերթի լրագրող Իմատ Մարմէլ յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշած է, թէ ներկայիս «Հըզպալլա» կը պատրաստուի դաժանագոյն պայքարին, շեշտելով, որ վերջինիս ներկայութիւնը կառավարութենէն ներս նախորդներուն պիտի չնմանի:

Յօդուածագիրը դիտել տուած է, որ այս անգամ տարբերութիւնը «Հըզպալլա»ի մասնակցութեան չափին կամ տեսակին մէջ չի կայանար, այլ իր դիրքերէն ելլելով հարցերու լուծման իր մօտեցման մէջ:

Յօդուածագիրը շեշտած է նաեւ, որ «Հըզպալլա» վերջերս զգալիօրէն նուազեցուցած է իր քաղաքական դաշնակիցներու նկատմամբ իր բարեհամբոյր մօտեցումն ու առաւել գործնական քայլերու անցած, բան մը, որ նախաքայլ կը համարուի իր յառաջիկայ գործունէութեան համար:

Անդրադառնալով Հասան Նասրալլայի այն յայտարարութեան, թէ անձամբ պիտի հետեւի երկրին մէջ կաշառակերութեան խնդիրի լուծման, յօդուածագիրը կարծիք յայտնած է, թէ այդ յայտարարութիւնը արտացոլումն է «Հըզպալլա»ի յառաջիկայ քաղաքականութեան:

Գրողին կարծիքով, Հասան Նասրալլա պիտի չխորանար նման յայտարարութիւններու մէջ, եթէ իր յառաջիկայ պայքարին առումով չափազանց ինքնավստահ չըլլար, իսկ պայքարի ղեկը Հասան Ֆատլալլային յանձնելու մասին յայտարարութեան նպատակը իր լրջութիւնը շեշտելն էր, դիտել տալով, որ իր պայքարը տեսական մակարդակէն անցում պիտի կատարէ դէպի գործնական դաշտ: