image

«Հըզպալլա» կողմ է նոր կառավարութեան ստեղծման

«Հըզպալլա» կողմ է նոր կառավարութեան ստեղծման

Անսարիէ աւանին մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունեցած «Հըզպալլա»ի գործադիր խորհուրդի նախագահի տեղակալ շէյխ Ալի Տամուշ շեշտած է, որ ազատագրման գործընթացը չէր կրնար իրականութիւն դառնալ, եթէ ժողովուրդը, բանակն ու ժողովրդական դիմադրութիւնը չհամախմբուէին, միաժամանակ շեշտելով, որ նշուած համախմբումը անգամ մը եւս պարտութեան մատնեց իսրայէլա-ամերիկեան ծրագիրները, կապուած ահաբեկչական խմբաւորումներու միջոցով Լիբանանն ու ժողովրդական դիմադրութիւնը տկարացնելու հետ:

Ինչ կը վերաբերի երկրի կառավարման խնդիրներուն, Տամուշ շեշտած է, որ կառավարութեան ստեղծման ուշացումը սկսած է իր բացասական ազդեցութիւնը ձգել ժողովուրդին վրայ, պնդելով, որ անհրաժեշտ է համապատասխան քայլերու դիմել, արագացնելու համար կառավարութեան ստեղծումը, չընկրկելով խոչընդոտներ ստեղծող կողմերու պահանջներուն դիմաց:

Տամուշ միաժամանակ դիտել տուած է, որ «Հըզպալլա» եւ «Ամալ» շարժումը բոլոր միջոցներն ի գործ դրին, աջակցելով այնպիսի կառավարութեան ստեղծման, որ պիտի կարողանայ լուծել Լիբանանի առջեւ ծառացող բոլոր խնդիրները: