Իսրայէլեան 10-րդ հեռուստակայանը հաղորդում մը սփռած է , ուր անդրադարձ կատարած է, այսպէս կոչուած, «ընկերային ցանցերու եւ թուային աշխարհի մէջ «Հըզպալլա»ի յայտարարած նոր պատերազմ»ին:
Հեռուստակայանին համաձայն, «Հըզպալլա» ընկերային ցանցերու, ինչպէս նաեւ տարբեր թուային ծրագիրներու միջոցով ուղարկուած հաղորդագրութիւններով մուտք կը գործէ իսրայէլցիներու կեանք:
Հեռուստակայանի Արաբական աշխարհի հարցերով վերլուծաբան Թեսֆի Եահզուքլի նշած է, որ «Հըզպալլա» թուային ու համացանցային ոլորտին մէջ զգալի զարգացում ապրած է, եւ մեծապէս կ'օգտուի ժամանակակից մետիայի հնարաւորութիւններէն, ինչպիսիք են «Ուաթսափ»ը, «Թուիթըր»ը, «Ինսթակրամ»ը եւ «Ֆէյսպուք»ը, մինչդեռ նման նախադէպ ոչ մէկ արաբական երկրի մէջ նկատուած է: