Հոլանտայի բողոքական եկեղեցին, որ 2018 թուականի հոկտեմբերէն օրական 24 ժամ անդադար պատարագ կը մատուցէր հայկական ընտանիքի արտաքսումը կանխելու նպատակով, 96 օր ետք դադրեցուցած է պատարագը, երբ Հոլանտայի կառավարութիւնը յայտարարած է միկրացիոն քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու որոշման մասին: Այս մասին կը յայտնէ The New York Times պարբերականը:
Համաձայն Հոլանտայի մէջ գործող օրէնքներուն՝ իրաւապահ մարմիններն իրաւունք չունին մուտք գործել եկեղեցւոյ տարածք, երբ այնտեղ պատարագ կը մատուցուի, ուստի եկեղեցին որոշած է նաեւ կամաւոր հոգեւոր սպասաւորներու միջոցով անդադար պատարագ իրականացնել՝ թոյլ չտալով արտաքսել հայ ընտանիքը՝ Սասուն եւ Անուշ Թամրազեանները, ինչպէս նաեւ անոնց երեխաները՝ 21-ամեայ Հայարփին, 19-ամեայ Վարդուհուն եւ 15-ամեայ Սեյրանը:

Հոլանտայի իշխող դաշինքը 30 յունուարին յայտարարած է, որ պիտի վերանայի երեխաներուն ապաստան տալու հարիւրաւոր դիմումները: Այս որոշումէն ետք եկեղեցին յայտարարած է 26 հոկտեմբերէն անդադար շարունակուող պատարագը աւարտելու մասին:
Հոգեւոր սպասաւոր Թէօ Հեթէման կատարուածի առնչութեամբ նշած է. «Մենք անասելիօրէն երախտապարտ ենք Հոլանտայի մէջ հարիւրաւոր փախստական ընտանիքներու ապահով ապագայի համար»:

Ընտանիքի արտաքսումը կանխելու նպատակով եկեղեցւոյ մէջ անդադար շարունակուող պատարագի մասին լուրը յայտնուած էր ինչպէս տեղական, այնպէս ալ միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու գլխագրերուն մէջ:
Իսկ ամիսներ առաջ բոլորի ուշադրութեան կեդրոն էին երկրի մէջ արտաքսման վտանգի առաջ յայտնուած հայ 12-ամեայ Լիլին եւ 13-ամեայ Յովիկը: Չարտաքսուելու վերջին յոյսը կորսնցուցած երեխաները նոյնիսկ անհետացած էին իրենց խնամակալի տունէն, որմէ ետք ոստիկանական որոնումներ սկսած էին: Երկար որոնումներն ի վերջոյ արդիւնք տուած էին: Մինչ այդ երկրին մէջ սկսած էին տարբեր արշաւներ՝ ի պաշտպանութիւն հայ երեխաներուն: Ի վերջոյ, Հոլանտայի արդարադատութեան նախարար Մարք Հարպըրսը, օգտուելով իր լիազօրութիւններէն, բնակութեան թոյլտւութիւն շնորհած էր երեխաներուն:
Լուրը՝ Tert.am-էն