Հալէպի տարբեր հատուածներ այսօր դարձեալ թիրախ դարձած են ծանր հրթիռարձակման: Այս մասին կը տեղեկանանք Հալէպի մեր աղբիւրէն: «Արեւելք»ի աղբիւրը նոյնպէս կը յայտնէ, որ այսօր հրթիռներ ինկած են մասնաւորապէս Հալէպի Ազիզիյէ եւ «Նոր գիւղ» թաղամասերուն վրայ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ «Նոր գիւղ» շրջանին մէջ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են կին մը եւ երկու երեխաներ: Հրթիռները նետուած են ահաբեկիչ զինեալներու «Պուսթան ալ փաշա» շրջանէն: Ըստ մեր աղբիւրին, հրթիռարձակուած շրջանները ենթարկուած են շատ ծանր աւերածութիւններու: