18 Յունիսին, ժամը 15:35-ին «911» ծառայութեան տեղեկութիւն հաղորդուած է, որ Արմաւիրի մարզի Թաիրով գիւղին մէջ կ'այրի խոտածածկ տարածք:
Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ:
Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 16:14-ին, մարած՝ 16:24-ին:
Այրած է մօտ 1500 քմ խոտածածկոյթ եւ 1 վակոն-տնակ՝ ամբողջութեամբ: Հրդեհի հետեւանքով տուժածներ չկան: