image

Արաքս գիւղին մէջ. Վէճ, կրակոցներ եւ ...վիրաւոր

Արաքս գիւղին մէջ. Վէճ, կրակոցներ եւ ...վիրաւոր

Արմաւիրի մարզին մէջ, 30 մայիսին, վիճաբանութիւն-ծեծկռտուք տեղի ունեցած է, որու ժամանակ կրակոցներ հնչած են. ոստիկանութեան Վաղարշապատի բաժին տեղեկութիւններ հաղորդուած են, որ ժամը 21:30-ի սահմաններուն Արաքս գիւղին մէջ խումբ մը անձանց միջեւ վիճաբանութիւն սկասած է, որ վերածուած է ծեծկռտուքի եւ որու ժամանակ հնչած են կրակոցներ:

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, պարզուած է, որ գիւղին մէջ կենցաղային հարցի շուրջ վիճաբանութիւն ծագած է նոյն գիւղի բնակիչներու միջեւ, որոնցմէ Գրիգոր Բ.-ն ստացած է մարմնական վնասուածք, իսկ, ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ անոր ընկերներէն մէկը իր մօտ գտնուող հրազէնով կրակոցներ արձակած է, որուն հետեւանքով սակայն, բաեբախտաբար, տուժածներ չկան:

Ոստիկանները խուլիկանութիւն կատարելու կասկածանքով բերման ենթարկած են Գեղամ Խ.-ն, որ եղած է Mercedes  մակնիշի մեքենայով, ինչպէս նաեւ  անոր 5 ուղեւորները:

Կարճ ժամանակ անց յայտնաբերուած  է նաեւ Գրիգոր Բ.-ն:  

Ոստիկանութիւնը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ՝ դէպքին առնչուող միւս անձանց ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ: Փաստի առիթիւ նիւթեր կը նախապատրաստուին: Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն:  Բերման ենթարկուածները ազատ արձակուած են: