Լիբանանի նախագահի պաշտօնական էջը այսօր հրապարակած է զօր. Միշէլ Աունի մէկ պատկերը, առնուած 1958-ին: Պատկերին մէջ նախագահ զօր. Միշէլ Աուն սպայական իր թուրը կը ստանայ լիբանանեան բանակի այլ զօրեղ հրամանատարէ մը ՝ զօր. Ֆուատ Շէհապէն, որ այդ օրերուն Լիբանանի նախագահն էր:
Երկու նախագահները Շէհապ եւ Աուն կը համարուին երկրի զինուորական հաստատութեան ՝ լիբանանեան բանակի ծնունդ գործիչներ: Երկուքն ալ ունին ուրոյն գործելաոճ եւ շնորհիւ այդ զինուորական հաստատութեան մէջ իրենց ունեցած ձեռքբերումներուն յաջողած են հասնիլ Պաապտայի նախագահական պալատ:
Յիշեցնենք, որ նախկին նախագահ զօր. Ֆուատ Շէհապ (մահացած 1964-ին), կարեւոր աւանդ ունեցած է կազմակերպելու երկրի գաղտնի սպասարկութեան ծառայութիւնները եւ իր աւանդով սկիզբ առած քաղաքական- ապահովական գործընթացը կրած է «Շէհապիզմ» անունը: