Ղարաբաղեան սահմանին վրայ Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել ապրիլին հաստատուած հրադադարը: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Աղբիւրը նոյնպէս կը փոխանցէ, որ երէկ գիշեր ազրպէյճանեան կողմը հրադադարը խախտած է 70 անգամ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հակառակորդը նռնականետեր օգտագործած է հարաւարեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան սահմաններուն ուղղութեամբ: