image

Հիլարի Քլինթըն Իսրաէլի Հետ Յարաբերութեան Ընդհանուր Քաղաքականութեան Մասին Խօսեցաւ

Հիլարի Քլինթըն Իսրաէլի Հետ Յարաբերութեան Ընդհանուր Քաղաքականութեան Մասին Խօսեցաւ

Ամերիկա- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Սպիտակ տան թեկնածու Հիլարի Քլինթըն երկուշաբթի օր անուղղակի կերպով քննադատելով իր հանրապետական մրցակիցին, յայտնած է, որ ԱՄՆ-ն կարիք չունի Իսրայէլի հետ «չէզոք» յարաբերութիւններ վարող նախագահի մը, ոչ ալ՝ արտաքին քաղաքականութեան մը, որ «կ'արհամարհէ իր բարեկամները»: Այս մասին կը հաղորդէ «Շարք Ալ-Աուսաթ», նշելով, որ ամերիկեան-իսրայէլեան հանրային ձեռնարկութիւններու յանձնաժողովի (AIPAC) տարեկան համաժողովին Քլինթըն նաեւ նշած է . «Այո, մենք պէտք ունինք կայունութեան, եւ ոչ թէ նախագահի մը, որ երկուշաբթի օր կը յայտարարէ, թէ չէզոք է, երեքշաբթի՝ Իսրայէլի կողմնակից է, եւ չենք գիտեր թէ չորեքշաբթի ինչ կրնայ յայտարարել»: Նոյն համաժողովին, Քլինթըն 15 հազար մասնակիցներուն առջեւ  ակնարկելով Թրամփին, յայտարարած է. «Այս երեկոյ, պիտի լսէք թեկնածուներու, որոնք տարբեր տեսլականներ ունին ամերիկայի ղելավարման շուրջ. հաւանական է, որ լսէք արտաքին քաղաքականութեան մը մասին, որ կը հայհոյէ մեր ընկերներուն, չի համագործակցիր անոնց հետ, կը զօրացնէ մեր թշնամիները եւ չի յաղթեր անոնց»: Քլինթըն նաեւ յստակացուցած է, թէ «ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի եւ աշխարհի անվտանգութեան, մենք պէտք ունինք Ամերիկայի մը, որ կը շարունակէ մնալ աշխարհի յարգուած ղեկավարը, որ՝ պատրաստ է պաշտպանել համաշխարհային համակարգն ու օժանդակել անոր: Պէտք ունինք՝ Ամերիկայի մը, որ կրնայ դիմագրաւել Իսրայէլը չէզոքացնելու ձգտող նախաձեռնութիւնները եւ յարձակիլ անոնց դէմ»: Ան նաեւ ընդգծած է, որ «Իսրայէլի օրինականութիւնը պահպանելու, անվտանգութիւնը՝ ամրապնդելու, անոր հետ տնտեսական յարաբերութիւններ պահպանելու եւ դաշնութեան այլ մակարդակի մը հասնելու այս գործը կախեալ է Իսրայէլի ապագոյով խորապէս շահաքրքրուած նախագահի մը ընտրութենէն»:

Այս կապակցութեամբ  թերթը   կը  նշէ, որ ամենամեծ հրէական համայնքի կեդրոն հանդիսացող ՝ Նիւ Եորքի բնակիչ Տոնալտ Թրամփ զարմանք առաջացուցած էր շատ մը հրեայ ղեկավարներու մօտ, երբ շեշտած էր, թէ ԱՄՆ-ն որպէս միջնորդ՝ պէտք է չէզոք դիրք որդեգրէ Իսրայէլի եւ Պաղեստինցիներու միջեւ: