image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ քաղաքացիները նամակ յղած են Պան Քի Մունին

ՀՀ քաղաքացիները նամակ յղած են Պան Քի Մունին

Խումբ մը քաղաքացիներ այսօր հաւաքուած են Հայաստանի մէջ գրոծող Միաւորուած ազգերի կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գրասենեակի առջեւ: Ըստ Tert.am-ի՝ քաղաքացիները Ազատութեան հրապարակէն՝ քաղաքագէտ, «Նոր Հայաստան» միաւորման անդամ Անդրիաս Ղուկասեանի գլխաւորութեամբ, մեկնած են դէպի ՄԱԿ-ի գրասենեակ, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունին նամակ յանձնելու համար: Անդրիաս Ղուկասեան նշած է, թէ ցոյցին նպատակն է, հետապնդել, որ միջազգային հետաքննութիւն սկսի ու ի վերջոյ հասկնալի դառնայ, որ ապրիլեան պատերազմը նախաձեռնողը եղած է Ազրպէյճանը: Անոր խօսքով` միջազգային հանրութեան համար պարզ չէ, թէ ով եղած է նախայարձակը, իսկ իրենց կողմէն իրականացած փաստահաւաք առաքելութիւնը տուեալներ հաւաքած է, որոնց համաձայն նախայարձակը եղած է հակամարտութեան ազրպէյճանական կողմը:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունին ուղղուած նամակին աւարտին նշուած է՝ « Կը խնդրենք Ձեզ, նախաձեռնել միջազգային հետաքննութիւն` Ապրիլ 2-ին տեղի ունեցած հրադադարի խախտման համար պատասխանատու կողմը բացայայտելու նպատակով: Կը կարծենք, որ այդ ճշմարտութեան բացայայտումը մեր բոլորին պարտաւորութիւնն է այդ մարտերուն ընթացքին զոհուածներու ընտանիքներուն առջեւ եւ անհրաժեշտ քայլ է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար»: