Թուրքիոյ Ատըյաման քաղաքի օդակայանին մէջ ձերբակալուած է քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) պատգամաւոր Պէհճէթ Եըլտըրըմ: Թրքական «Haberler» լրատուակայքի համաձայն, պատգամաւորը կը պատրաստուէր մեկնիլ մայրաքաղաք Անգարա:
Անցած շաբաթ Ատըյամանի դատարանը պատգամաւորի նկատմամբ ձերբակալման որոշում կայացուցած էր, քանի որ վերջինս չէ ներկայացած «Ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն ընելու» եւ «Ահաբեկչական կազմակերպութեան աջակցելու» մեղադրանքներով իր դէմ բացուած դատավարութեան:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Եըլտըրըմը իր «Twitter»-ի էջին գրառում կատարած էր. «Ատըյաման օդակայանէն բերման ենթարկուած եմ»: