image

«Հայութիւնը Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Աւարտին» խորագրով Խորհրդաժողով Գերմանիոյ Մէջ

«Հայութիւնը Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Աւարտին» խորագրով Խորհրդաժողով Գերմանիոյ Մէջ

Եւրոպայի Հայերու Համագումարի («Assembly Of Armenians Of Europe») նախաձեռնութեամբ, սոյն թուականի մարտի 4-6-ը Գերմանիոյ Տոյսպուրկ աւանին մէջ, տեղի պիտի ունենայ հայութեան հիմնահարցերուն նուիրուած գիտահետազօտական խորհրդաժողով մը՝ «Հայութիւնը Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Աւարտին» ընդհանուր խորագրով, ուր քննարկման նիւթ պիտի դառնան Ցեղասպանութեան,  հայկական պահանջատիրութեան, Արեւմտեան Հայաստանի , Արցախեան հիմնահարցի, Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու,  Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանային զարգացումներու վերաբերեալ թեմաներ, տարբեր վերնագրերով: Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին քննարկման պիտի դրուին ներկայացուած հարցերը, եւ եզրափակիչ քննարկումէն ետք պիտի կատարուի բանաձեւերու ընդունումը:

Խորհրդաժողովին զեկոյցումներով հանդէս պիտի գան Եւրոպայի տարբեր երկրներէ՝ Հայաստանէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն, Ռուսաստանէն, Մեծ Բրիտանիայէն ու Թուրքիայէն այցելած պատուիրակներ: Քանի մը այլ երկրներէ եւս  զեկոյցներ պիտի ներկայացուին համացանցային  կապի միջոցաւ: Խորհրդաժողովի բացումը պիտի կատարուի Եւրոպայի Հայերու Համագումարի նախագահ Կարօ Յակոբեանի խօսքերով եւ Թենոր Մասիս Առաքելեանի Կոմիտասեան մի քանի երգերով: Խորհրդաժողովի առիթով պիտի հրապարակուի ամենօրեայ լրատուութիւն: