Հայկական պաշտպանական բանակը երկու զոհ տուած է Արցախի հիւսիսային- Թալիշ շրջանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Աղբիւրը կը յայտնէ, որ Թալիշի վրայ կատարուած ազրպէյճանական կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած են երկու զինծառայողներ: Նահատակները կը կոչուին Գարիկ Մնացական Մովսիսեան (ծն. 1997թ.) եւ Վազգէն Հէնրիկ Յարութիւնեան (ծն. 1968թ.):