Երէկ գիշեր հակառակորդը դարձեալ կրակի տակ պահած է հայկական պաշտպանական դիրքերը Արցախի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը, որ նաեւ կը յայտնէ, որ հակառակորդը երէկ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած է 82 միլիմեթրանոց հրթիռներ: Հայկական կողմը, համարժէք պաատասխան տալով, լռութեան մատնած է հակառակորդի կրակակէտերը: