image

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1746-ի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1746-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 69 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 26 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1746 է, արձանագրուած է մահուան 28 դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 17 հազար 931 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 30-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 833։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 885 հիւանդ: