image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանեան Խորհրդարանի անդամ՝ Միշէլ Էլիաս Մըր այցելեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Լիբանանեան Խորհրդարանի անդամ՝  Միշէլ Էլիաս Մըր այցելեց՝  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝ 

Այս առաւօտ՝ Ուրբաթ, 19 Յունիս 2026-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը երեսփոխան Միշէլ Մըրի, իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ միասին:

Երեսփոխան Մըրի այցելութեան նպատակը իր յարգանքը եւ հայ համայնքին օգտակար հանդիսանալու պատրաստակամութիւնը յայտնել էր Վեհափառ Հայրապետին:

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով երեսփոխանին այցելութիւնը՝ յիշեց, թէ անոր մեծ հայրը, որպէս նախարար ու երեսփոխան, տասնամեակներ շարունակ եղած է բարեկամ Լիբանանի հայութեան: Հետեւաբար, Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ երեսփոխան Մըր պիտի շարունակէ իր մեծ հօր ազգային ու ծառայական ընթացքը:

Օր մը առաջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելած էր ասորի ուղղափառ համայնքի պատասխանատուներէն Հապիպ Աֆրամ, որ Ասորի Ուղղափառ Լիկի նախագահն է եւ միաժամանակ կրօնական ու մարդկային իրաւանց հարցերու խորհրդական՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին: Նորին Սրբութեան մօտէն ծանօթ ըլլալով՝ Հ. Աֆրամ անդրադարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան եւ քրիստոնեայ համայնքներու Լիկերու միջեւ գործակցութիւնը վերակազմակերպելու եւ ամրապնդելու կարելիութիւններուն: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութեան առաջարկով Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան նշանակուեցաւ յիշեալ լիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչը: Յայտնենք, որ նոյն պաշտօնը երկար տարիներ վարած էր Սէն Ժոզէֆ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան: