Հայաստանի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Թուրքիա պիտի մեկնի: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Հայաստանի Ֆութպոլի միութեան (ՀՖՖ) կայքին կողմէ: Աղբիւրը կը նշէ, որ Հայաստանի խումբը բարեկամական մրցումներու ծիրէն ներս պիտի մրցի Ուզպէքիստանի ազգային խումբին դէմ եւ խաղը պիտի կայացուի Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ:Մրցումին համար, իբրեւ թուական ճշդուած յառաջիկայ 2017 տարուան 12 փետրուարը: