image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի եւ Չեխիոյ միջեւ զինուորական արհեստագիտութեան համագործակցութիւն պիտի սկսի

Հայաստանի եւ Չեխիոյ միջեւ զինուորական արհեստագիտութեան համագործակցութիւն պիտի սկսի

13-15 յունիսին Հայաստանի մէջ՝ Հայաստանի եւ Չեխիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած աշխատանքային հանդիպման քննարկուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չեխիոյ  Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ զինուորական արհեստագիտութեան համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրի նախագիծի նախապատրաստութեան ընթացքը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, յայտնելով, որ աշխատանքային հանդիպման ընթացքին կողմերը դիտարկած են Տնտեսական համագործակցութեան հայ-չեխական միջկառավարական յանձնախումբի երկրորդ նիստի արձանագրութեան 16-րդ կէտի կատարման ընթացքը, զինուորական-արհեստագիտական մարզին մէջ հայկական եւ չեխական ձեռնարկութիւններու, կազմակերպութիւններու ու հաստատութիւններու համագործակցութեան աջակցութեան հարցը:

Դիտարկուած է նաեւ հայ-չեխական յանձնախումբի ծիրին մէջ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան աշխատանքային խումբի ստեղծման հեռանկարը: