image

Հայաստանի աղջիկները բանակին մէջ պէ՞տք է ծառայեն.

Հայաստանի  աղջիկները   բանակին  մէջ   պէ՞տք է  ծառայեն.

Եւ ինչու՞ ոչ։

Սկզբունքային որոշ հարցեր կան որոնք պէտք է յստականան։

Այսօր իգական սեռի հաւասարութիւնը պաշտպանող բազմաթիւ անհատներու եւ խմբակցութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւննրու խումբեր կան, որոնք ամէն գնով կ՚ուզեն եւ կը քարոզեն որ այր մարդոց եւ կիներու միջեւ խտրականութիւնը վերջնականապէս պէտք է վերցուի։

Բացարձակապէս համաձայն եմ այս սկզբունքին։

Տակաւին, ես կը կարծեմ որ կարգ մը մարզերու մէջ, իգական սեռը որոշ առաւելութիւններ ալ պէտք է վայելէ եւ ընկերութեան մէջ մանաւանդ՝ յաւելեալ յարգանքի ալ պէտք է արժանանայ։

Սակայն, կը հաւատամ նաեւ որ իւրաքանչիւր իրաւունքին հետ կայ համահաւասար պարտականութիւն։ Եթէ պարտականութիւններդ կը կատարես, ուրեմն իրաւունքը ունիս իրաւունքներդ պահանջելու։ Եթէ պարտականութիւններդ չե՛ս կատարեր, ի՞նչ հիման վրայ իրաւունք կը պահանջես ... ։

Աւելի քան 3000 տարիներէ ի վեր, բազմաթիւ ցեղախումբերու, ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու մէջ, կիները իրենց բաժինը բերած են անոնց բանակներուն մէջ։ Պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր, իրենց զաւակներուն եւ ամուսիններու կողքին, բազմահազար կիներ իրենց ազդու մասնակցութիւնը բերած են ինքնապաշտպանութեան եւ այլ ճակատամարտերուն մէջ։

Վայգինկներու կիները, իրենց ամուսիններուն եւ զաւակներուն հետ պատերազմի դաշտին վրայ ահաւոր պատերազմիկներ էին, երբեմն իրենց այր զինուորներէն ալ աւելի ահարկու։

Լսած էք անշուշտ Ամազոններու կին պատերազմիկներուն մասին։ Ամազոններու բանակներուն դէմ տղայ մարդոց բանակները ընդհանրապէս պարտուած դուրս կու գային։

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ժամանակ, Ռուսական բանակին մէջ մեծ էր թիւը կին զինուորներուն, մանաւանդ Գոզագներու գումարտակներուն մէջ, որոնց հեծելազօրքին հրամանատարներէն մին ալ կին մըն էր։ Նոյնիսկ Ռուսիոյ Առժամեայ Կառավարութեան ժամանակ (1917), բազմաթիւ “Women’s Battalions”, (Կիներու Վաշտեր) կային, որոնք վերջաւորութեան միացան համայնավար կառավարութեան բանակին։

Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի ժամանակ, Անգլիոյ մէջ, աւելի քան 500,000 կին զինուորներ կային որոնք հակաօդային թնդանօթներուն վրայ նստած, հարիւրաւոր (ըստ կարգ մը պատմաբաններու՝ հազարաւոր) օդանաւեր վար առին։ Չենք խօսիր տակաւին աւելի քան մէկ միլիոն աղջիկներուն մասին որոնք բանակին մէջ ոչ - մարտական զանազան պաշտօններ կը զբաղեցնէին։

Նոյնպէս Գերմանիոյ մէջ, դարձեալ գրեթէ 500,000 կին կամաւոր զինուորներ հակաօդային զէքներով հարիւրաւոր օդանաւեր վար առին։ Մօտ 400,000 կին կամաւորներ որպէս շարժավարներ, հիւանդապահուհիներ, խոհարարներ, գրասենեակային աշխատողներ, հաշուապահներ, թարգմանիչներ, եւ այլ նման պաշտօններու վրայ մեծապէս օգտակար եղան Գերմանիոյ պատերազմական ճիգերուն։

Պատերազմի ժամանակ թէ անկէ ետք, տակաւին միլիոնաւոր կիներ իրենց հայրենիքին ծառայեցին եւ տակաւին կը ծառայեն այդ երկիրներու բանակներուն մէջ, զանազան պաշտօններով։

Հոս կ՚արժէ յիշել քանի մը անունները այն երկիրներուն, որոնց բանակներուն մէջ կիները գրեթէ հաւասար պարտականութիւններով եւ իրաւունքներով կը ծառայեն։

Այսպէս, Ալճերիա, Էրիդրիա, Հարաւային Ափրիկէ, Կամպիա, Աւստրալիա, Պանկլատէշ, Հիւսիւսային Քորիա, Հնդկաստան, Իրագ, Ճափոն, Իսրայէլ, Նափալ, Նոր Զելանտա, Փաքիստան, Չինաստան, Ֆիլիփին, Սինկափոր, Սրի Լանգա, Թայլենտ, Արաբական Էմիրութիւններ, Թանիա, Ֆինլանտա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իրլանտա, Նորուէկիա, Լեհաստան, Ռուսիա, Սերպիա, Շուէտ, Թուրքիա, Ուքրանիա, Անգլիա, Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին, Պոլիվիա, Պրազիլ, շարունակե՞մ ... ։

Եթէ այս եւ ուրիշ երկիրներու մէջ աղջիկները կրնան բանակներուն մէջ ծառայել, ի՞նչ պատճառ կայ որ հայ աղջիկները, Հայաստանի բանակին մէջ չծառայեն։

Բնականաբար այս վերոյիշեալ բոլոր երկիրներու մէջ աղջիկները ուղղակիօրէն ռազմաճակատ չեն ղրկուիր։ Կան երկիրներ, ուր իգական սեռի պատկանող զինուորները ուղղակի ռազմաճակատի համար կը մարզուին, սակայն տակաւին շատ չէ այդ երկիրներուն թիւը։ Նկատի ունենալով աղջիկներուն ֆիզիքական կառոյցը, մկաններու նուազ զօրաւոր ըլլալը, ռազմաճակատներու երկայնքին իրադարձութիւններն ու պահանջքները, աղջիկներուն վստահուած է նուազ վտանգաւոր պարտականութիւններ։ Ըսինք որ խոհարարական, գրասենեակային, համակարգիչային, բժշկական, շարժավարական (նոյնիսկ թնթանօթ), բանակցային (պզտիկներն ու կիները աւելի շուտ կը «բացուին» կին զինուորներուն), եւ նման, ոչ ճակատային պարտականութիւններ վստահուած են անոնց։

Վերջին տասնամեակներուն, աղջիկները սկսած են ծառայել նաեւ ընդծովեաներու եւ ռազմանաւերու մէջ։ Բնականաբար անոնց համար մասնաւոր յարմարութիւններ ստեղծուած են հոն։ Այսօր, շատ մը երկիրներու օդուժին մէջ բազմաթիւ կին օդաչուներ կան, որոնք իրենց հայրենասիրական պարտականութիւնները հաւասարէ – հաւասար կը կատարեն իրենց այր զինակիցներուն հետ։

Թուրքիոյ պարագային, Ռուս – Թրքական պատերազմի  եւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ժամանակներէն սկսեալ, կիները իրենց բաժինը բերած են թրքական բանակին մէջ ծառայելով, երբեմն նոյնիսկ որպէս կռուող զինուորներ։ Գիտէք անշուշտ որ Մուստաֆա Քէմալ Աթաթիւրքի որդեգրած հայ աղջիկը, Սապիհա Կէօքչէնը, թուրքիոյ առաջին ռազմական օդաչուն էր։ Կը կարծուի որ ան աշխարհի առաջին ռազմական կին օդաչուն եղած է։

Ես չեմ կարծեր որ մեր աղջիկները նուազ հայրենասէր են քան մեր տղաքը։ Մեր պատմութեան մէջ ալ, շատ են կին հերոսները որոնք զանազան համգամանքներով ծառայած են հայկական բանակներուն մէջ, իրենց ամուսիններուն, զաւակներուն եւ եղբայրներուն կողքին։ Մանաւանդ 1915 – 1920-ական թուականներուն, մենք կին ֆէտայիներու, կին կռուողներու, կին հերոսներու պակասը չենք ունեցած։ Մեր ինքնապաշտպանութեան անհաւասար մարտերու ընթացքին, մեր մայրերն ու քոյրերը, պաշտելի հերոսուհիները, անձնազոհութեամբ մարտնչած են իրենց այրերուն կողքին եւ մեր ազգին պատիւ բերող բազմաթիւ դրուագներ արձանագրած են։

Անցնող քանի մը տարիներուն, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, Քիւրտ աղջիկները համահաւասար կերպով զէնք վերցուցած են եւ իրենց Քիւրտ եղբայրներու կողքին ահաւոր մարտեր մղած են եւ տակաւին կը մղեն իսլամ ծայրայեղականներու եւ թրքական վոհմակներու դէմ։ Հակառակ որ մօտ քառասուն միլիոն (40,000,000) Քիւրտեր կապրին այդ շրջաններուն մէջ, Քիւրտ աղջիկներուն զինուորական, մարտական ծառայութիւնները որպէս ռազմիկներ, անհրաժեշտութիւն նկատուած է։ Քիւրտ աղջիկներուն մղած մարտերը հիացում արթած են զինուորական մասնագէտներու եւ դէտերու մօտ։

Արդեօ՞ք հայ աղջիկները նուազ կարողութիւններով օժտուած են քան Քիւրտ աղջիկները։ Արդեօ՞ք հայ աղջիկները նուազ հայրենասէր են քան Քիւրտ աղջիկները։

Չեմ կարծեր։

Ամերիկեան բանակին մէջ աղջիկները սկսած են ծառայել 1770-ական թուականներէն սկսեալ։ Ոմանք ծպտեալ, որպէս տղամարդ, ուրիշներ որպէս հիւանդապահուհի, խոհարարուհի կամ այլապէս։

Այս օրերուն, նոյնիսկ ամուսնացած եւ զաւակներու տէր կանայք ամերիկեան բանակին մէջ կը ծառայեն որպէս մարտական զինուորներ։ Իրաքի, Աֆղանիստանի, Սուրիոյ եւ ամերիկեան այլ զօրանոցներու մէջ մեծ է թիւը ամերիկացի կիներուն։ Հարցեր չե՞ն ծագիր։ Անշուշտ։ Յետոյ ի՞նչ։ Ծագող հարցերը կը լուծուին։

Հայաստանի զինուորական հրամանատարութիւնը կրնայ ուսումնասիրել եւ դասեր առնել ամերիկեան կամ այլ երկիրներու բանակներուն մէջ ծագած հարցերէն եւ լուծումներէն։ Կրնա՞ք ինծի ըսել որ դպրոցներու, համալսարաններու, գործատեղիներու, գրասենեակներու, հանրային պարտէզներու, շէնքերու եւ այլուր, հակառակ սեռերու միջեւ հարցեր չեն ծագիր, սեռային եւ սիրային արկածախնդրութիւններ տեղի չեն ունենար։ Ուրեմն, ի՞նչ ընենք, այս տեղերուն մէջ աղջիկ-տղայ քով-քովի չ՚արտօնե՞նք որ ուսանին, աշխատին կամ ապրին։

Հայաստանի պէս երկիր մը, որ շրջապատուած է երկու մահացու թշնամիներու կողմէ (երրորդ կողմն ալ շատ վստահելի չէ), անհրաժեշտաբար պէտք ունի թուաքանակով շատ մեծ եւ զօրաւոր բանակի։ Բայց, տակաւ նօսրացող բնակչութեամբ երկիր մը, քանի մը տասնամեակ ետք, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ պաշտպանել ինքզինք։ Արտագաղթի պատճառով Հայաստանը սկսած է պարպուիլ։ Ես առաջին անգամ 1977-ին Հայաստան այցելեցի։ Ապա՝ 1982-ին, 2012-ին, 2015-ին եւ երկու անգամ ալ՝ 2016ին։ 1977-ին, Երեւանի փողոցները մարդոցմով խճողուած էին։ Շրջաններու գիւղերու տուներու ծխնիներէն օճախին ծուխը եւ թոնիրին վրայ եփուող հացին ու մանղալլներուն վրայ խորովուած միսին բոյրերը գուլա-գուլա ռունգերդ կը շոեյին։ Սակայն, 2012-ի եւ անկէ ետք ամէն այցելութիւններուս ժամանակ, ուղղակի զգալի էր ժողովուրդին աստիճանական նոսրացումը։ Վերջին այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին, իրիկունով Վանաձորէն Երեւան եկած ժամանակ, շատ մը գիւղերու մէջ լոյս գրեթէ չկար։ Պատուհանները մութ էին։ Բնակիչ չկար։

Երկրաշարժի աղէտի շրջանին մէջ, բնակչութեան թիւը գրեթէ կիսով պակսած էր։ Այս տխուր կացութեան դիմաց, ո՞վ պիտի պատշտպանէ մեր նախահայրերուն երկիրը։ Եթէ այսպէս շարունակուի, Ազերիները պատերազմելու պէտք չունին Արցախը վերագրաւելու կամ Հայաստանը գրաւելու։ Քանի մը տասնամեակ եւս կը սպասեն, եւ երբ Հայաստանի բնակչութեան թիւը կիսուի, քալելով Երեւան կու գան եւ Արմէնիա Հրապարակին մէջ, թրքական երաժշտութեամբ պար կը բռնեն։ Չմոռնանք որ Ազերի եւ Թուրք զինուորները ինչպէ՞ս պիտի վարուին մեր գեղեցիկ հայ աղջիկներուն եւ կիներուն հետ ... ։

Կամ երկիրդ եւ պատիւդ կը պաշտպանես, կամ ալ թուրքերուն կենդանական լպիրշ ախորժակները կը գոհացնես։ Դու՛ն ընտրէ, ով Հայ Աղջիկ։

Զինուորական պարտականութիւնէ խուսափելու համար, մի՛ ըսէք որ մեր տղաքը մեզ կը պաշտպանեն։ Այո, մեր «տղերքը» մեր հայրենիքը հերոսաբար կը պաշտպանեն, բայց դուք ինչու՞ կը խուսափիք ձեր եւ ձեր հայրենիքին պաշտպանութեան համար ձեր պարտականութիւնները կատարելէն։

Ուրեմն, ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է որ Հայաստանի Բանակի շարքերը լիցքաւորուին եւ ամբողջանան նաեւ հայ աղջիկներով։ Չմոռնանք որ երբ մեր աղջիկները բանակէն կ՚արձակուին, բանակին մէջ իրենց ստացած փորձառութիւնը մեծապէս կրնայ նպաստել նաեւ անոնց շուկային վրայ յարմար գործ գտնելու։ Չխօսիմ տակաւին որ անգործութիւնն ալ մասամբ կը դարմանուի։

Աղջիկներուն բանակին մէջ ծառայելը պարտադիր պէտք է ըլլայ, ինչպէս որ է մանչերուն ծառայութիւնը։ Իսրայէլի մէջ (որ ութ միլիոնէ աւելի  բնակչութիւն ունի), աղջիկներուն զինուորական ծառայութիւնը պարտադիր է։ Անոնք մինչեւ անգամ իրենց աղջիկները ռազմաճակատ կը ղրկեն՝ պատերազմելու, կռուելու։ Այո, արաբական աշխարհը աւելի քան հարիւր միլիոն մարդ կը հաշուէ, եւ այդ «պճլիկ» Իսրայէլի ութը միլիոն ժողովուրդը պաշտպանելու համար, հրեայ աղջիկներն ալ ստիպուած են պատերազմի դաշտ երթալու։

Տակաւին չխօսինք Միացեալ Նահանգներու պաշտպանողական վահանին մասին՝ Իսրայիլի վրայ։

Հայաստանի պարագային, միայն Թուրքիան ութսուն միլիոն բնակչութիւն ունի, որոնք պատրաստ են որեւէ ատեն մեր հայրենիքին վրայ արշաւելու եւ մեր անուշ արիւնը լափելու։ Եթէ ութսուն միլիոն թուրքերը չեն բաւեր, քովընտի եօթէն ութը միլիոն ալ Ազերիները կան, որոնք հրաւէրի սպասելու պէտք պիտի չունենան մեր ոսկորները կրծելու։

Մենք, երկուքուկէս-երեք միլիոն ժողովուրդ, ինիսուն միլիոն թուրքերու եւ տակաւին բազմամիլիոն թուրքիք իսլամներու դէմ կեցած ենք։ Պահ մը երեւակայեցէք որ Ռուսիան որոշէ մեզ չպաշտպանել ... ։ Կը յիշէ՞ք, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, գրեթէ ամէն պետութիւն Հայաստանը կը դատապարտէր որպէս նախայարձակ։

Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր երկիրը։

Մեր հայ աղջիկները նուա՞զ մարտունակ են քան Հրեայ աղջիկները։ Չեմ կարծեր։ Զինուորական մարզումներէ ետք, թող գան մեր անուշիկ աղջիկներուն հետ չափուելու, ո՛վ որ կ՚ուզէ։

Ես կը կարծեմ որ մեր աղջիկներուն բանակ երթալը մեծապէս պիտի օգնէ մեր մանչերուն մարտունակութեան։ Աղջիկներուն «աչքին լաւ երեւալու համար», մեր տղաքը իրենց լաւագոյնը պիտի ընեն շատ լաւ զինուորներ ըլլալու, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս տեղի կ՚ունենայ մարզական փորձերու եւ մրցումներու ժամանակ։ Աղջիկներուն ներկայութիւնը սահմանամերձ վայրերուն, պիտի խրախուսէ, ուրախացնէ եւ հրահրէ մեր մանչերը։ Եթէ քանի մը հարիւր մանչ զինուորներ պիտի սիրահարուին աղջիկ զինուորներուն, աւելի լաւ։ Արդիւնքը միշտ դրական պիտի ըլլայ։ Եթէ նոյնիսկ քանի մը տասնեակ զինուորագրուած աղջիկներ յղի պիտի մնան, այդ պատճառ չէ զիրենք բանակէն հեռու պահելու։

Նշմարուած է որ երբ Իսրայէլացի կամ այլ ազգի պատկանող աղջիկ զինուոր մը կռիւի ժամանակ վիրաւորուի կամ սպաննուի, շուրջի մանչ զինուորները շա՛տ աւելի կատաղութեամբ կը յարձակին թշնամիին վրայ եւ աներեւակայելի խիզախոթիւններ կիրագործեն։ Աստուած չընէ որ մեր աղջիկներէն մէկը վիրաւորուի կամ սպաննուի ռազմաճակատին վրայ։ Վա՜յ է եկեր թուրքերուն ...։

Տակաւին ... յաճախ կը կարդանք մամուլին մէջ որ Հայաստանի այսինչ գիւղին կամ քաղաքին մէջ, հարսին ամուսինն ու կեսուրը յարձակեր են եւ ծեծի երթարկած խեղճ կնկան։ Երբեմն, մինչեւ անգամ սպաննած են։ Յաճախ, ամուսինները բիրտ ուժի կը դիմեն իրենց անտրամաբանական կամքը պարտադրելու, կամ գինով վիճակի մէջ ֆիզիքական ցաւ կը պատճառեն իրենց «հեզաճկուն» կիներուն։

Եթէ եւ երբ մեր աղջիկները բանակին մէջ ինքնապաշտպանութեան պարտադիր դասեր առնեն եւ ճուտոյի ու քարաթէի գիտութեան մասամբ տիրապետեն (երկու տարուան մէջ շատ լաւ կրնան մարզուիլ), ալ ո՞ր մէկ անուսինը կամ կեսուրը պիտի համարձակի ձեռք բարձրացնել իրենց վրայ։ Մանաւանդ եթէ մեր աղջիկները իսրայէլացի աղջիկ զինուորներուն սորված Krav maga (Israeli Military Self Defense) ինքնապաշտպանութեան ձեւերը իւրացնեն, կրնան սարսափ պատճառել իրենց գինովցած ամուսիններուն  եւ տրամաբանութիւնը կորսնցուցած կեսուրներուն ... (հիմա ամուսիններն ու կեսուրները շատ դէմ պիտի խօսին աղջիկներուն բանակ երթալուն ...)։

Ժամանակն է որ Հայաստանի աղջիկներուն պարտադիր զինուորական ծառայութեան հարցը հանրային բանավէճի լուրջ եւ բաց նիւթ ըլլայ, եւ հայրենի քաղաքական եւ զինուորական իշխանութիւնները լրջօրէն ուսումնասիրեն աղջիկներուն բանակ ծառայութիւնը պարտադիր դարձնելու հարցը եւ յստակ որոշումներ առնուին, միշտ Հայաստանի պաշտպանութիւնն ու հայ ժողովուրդի ապահովութիւնը հիմնական խարիսխ ունենալով։

Շատ ժամանակ չունինք։

Վարդգէս Գուրուեան 

Նիւթի  աղբիւր ՝ «Հայ  Ձայն»