7 նոյեմբերին Հալէպի հայկական բոլոր մանկապարտէզներու սաներուն եւ Ազգային միացեալ նախակրթարանի` Սահակեան, Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան վարժարաններու, առաջին, երկրորդ, երրորդ դասարաններու աշակերտներուն Հալէպի շտապօգնութեան եւ վերականգնման մարմինը բաճկոններ բաժնած է, որոնք Հայաստանի կառավարութիւնը Սուրիա առաքած էր մարդասիրական օգնութեան ծիրէն ներս:
Իրենց նուէրներըե ստացած երեխաները շնորհակալութեան սրտի խօսքյայտնած են այս նախաձեռնութեան համար: Բերիոյ թեմի մամուլի խօսնակը նաեւ աւելցուցած է, որ մնացած բաճկոնները յառաջիկային կը բաժնուին բարձր դասարաններու աշակերտներուն:
Համայնքէն տեղեկացուցած են նաեւ, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը խաղաղ է, հայկական թաղամասերուն մէջ պայթիւններ չեն նկատուիր, միայն կը շարունակուին դժուարին մնալ կենցաղային պայմանները:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ Սուրիա առաքուած էր 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն, որմէ 10 թոն նախատեսուած էր Դամասկոսի եւ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ ապրող ժողովուրդին համար, 30 թոն` Հալէպի:
Լուրի աղբիւր ՝ «Հայերն Այսօր»