image

Հայաստանէն առաքուած օգնութիւնները բաժնուեցան հալէպահայ աշակերտներուն

Հայաստանէն առաքուած օգնութիւնները բաժնուեցան հալէպահայ աշակերտներուն

7  նոյեմբերին  Հալէպի հայկական բոլոր մանկապարտէզներու սաներուն եւ Ազգային միացեալ նախակրթարանի` Սահակեան, Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան վարժարաններու, առաջին, երկրորդ, երրորդ դասարաններու աշակերտներուն Հալէպի շտապօգնութեան եւ վերականգնման մարմինը բաճկոններ բաժնած է, որոնք Հայաստանի կառավարութիւնը Սուրիա  առաքած էր մարդասիրական օգնութեան ծիրէն ներս:

Իրենց նուէրներըե ստացած երեխաները  շնորհակալութեան   սրտի խօսքյայտնած են  այս նախաձեռնութեան համար: Բերիոյ թեմի մամուլի խօսնակը նաեւ աւելցուցած է, որ մնացած բաճկոնները յառաջիկային կը բաժնուին բարձր դասարաններու աշակերտներուն:

Համայնքէն տեղեկացուցած են նաեւ, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը խաղաղ է, հայկական թաղամասերուն մէջ պայթիւններ չեն նկատուիր, միայն կը շարունակուին դժուարին մնալ կենցաղային պայմանները:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ Սուրիա  առաքուած էր 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն, որմէ 10 թոն նախատեսուած էր Դամասկոսի եւ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ ապրող ժողովուրդին համար, 30 թոն` Հալէպի:


Լուրի աղբիւր ՝ «Հայերն Այսօր»