image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան հաստատուած լիբանանցիք պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն

Հայաստան հաստատուած լիբանանցիք պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն

Յառաջիկայ մայիսին պիտի կայացուին Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները: Երկար  ժամանակէ ի վեր սպասուած ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երկրէն դուրս ապրող քաղաքացիները, որոնց համար ընտրութեան օր նշանակուած է 27 եւ 29 ապրիլը: Այս մասին  տեղեկութիւն կը փոխանցէ «Տիար» պարբերականի կայքը նշելով, որ ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար 40 երկիրներէ 82,900 լիբանանցի արդէն գրանցուած է:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին համաձայն, նախնական թիւը կազմած է 92,810 անձ, սակայն աւելի ուշ պարզուած է, թէ անոնցմէ 9910-ը տարբեր պատճառներով իրաւունք չունին մասնակցելու ընտրութիւններուն:

Նշենք, որ աղբիւրին փոխանցած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանէն ընտրութիւններուն մասնակցելու համար 311 անձ գրանցուած է: