Հիւսիսային Պէյրութի Պուրճ Համուտ շրջանը հագած է Գերմանիոյ դրօշի գոյները՝ 2016-ի ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութեան խաղերուն քաջալերելով Գերմանիոյ խումբը, որ իր առաջին մրցումը պիտի խաղայ կիրակի օր՝ Ուքրանիոյ դէմ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Sky news.arabia կայքը:
Այս շրջանի ժողովրդական թաղամասերուն մէջ, որոնք մեծամասնութեամբ բնակեցուած են հայերով եւ կը յատկանշուի իր առեւտրային խանութներով՝ նկատելի կերպով կը բարձրանան գերմանական դրշօները, որոնք կը զարդարեն խանութներու եւ արհեստանոցներու ցուցափեղկերը՝ քաջալերելով Գերմանիոյ հաւաքականը՝ մէկ կողմէն, եւ միւս կողմէն՝ գնահատելով Գերմանիոյ խորհրդարանի որդեգրած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:
Պուրճ Համուտի բնակիչներէն, խորովածի ճաշարանի սեփականատէր, 45-ամեայ Գէորգը որ խանութի ճակատն ու պատերը զարդարած է Գերմանիոյ դրօշներով, skynews arabia-ին ըսած է. «Ես Գերմանիոյ խումբը քաջալերած եմ 15 տարեկանէս ի վեր, որովհետեւ ան լաւագոյնն է, եւ հիմա, Գերմանիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փաստը յաւելեալ պատճառ մըն է , որ քաջալերեմ զայն»:
Ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, ՊուրՃ Համուտը, մէկ դար առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայերու դէմ իրականցուած ցեղասպանութեան հետեւանքով, դարձած էր Լիբանան հասած հայ գաղթականներու ապաստանը, որոնք մեծամասնութիւն դարձած էին այդ շրջանին մէջ:
Գէորգի հարեւանը, մասնակեցելով զրոյցին, մեծ խանդավառութեամբ ըսած է.,«Կիրակի օր փողոցը պիտի փակենք եւ տոնակատարութիւն ընենք՝ Գերմանիոյ Ուքրանիոյ դէմ առաջին խաղը դիտելու ընթացքին: «Այս թաղամասին մէջ միայն Գերմանիոյ դրօշներ պիտի տեսնէք, որովհետեւ հայերը Գերմանիան կը քաջալերէն»,- աւելցուցած է ուրիշ մը:
Մինչ իր խանութներով եւ անցորդներով խճողուած Արաքս փողոցին մէջ, 30-ամեայ Յակոբը 2016-ի ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութեան մասնակցող տարբեր հաւաքականներու դրօշներ կը ծախէ, հաստատած է, որ «Այս տարի Գերմանիոյ դրօշի պահանջքը շատ աւելի մեծ է» համեմատած միւս խումբերուն:
Պուրճ Համուտի համեստ ժողովրդական փողոցները նոյնպէս զերծ չեն մնար եւրոպական այլ խումբերու դրօշներէն, թէկուզ եւ անոնք նոյն ճոխութեամբ ու քանակութեամբ չեն երեւիր, ինչը վարժ է տեսնել լիբանանեան միւս շրջաններուն մէջ, ֆութպոլի համշխարհային խաղերու օրերուն: