image
Հրատապ լուրեր:

Հայ Եկեղեցին Հերոս Եկեղեցի Է. Պուլոս Սայահ Արքեպիսկոպոս (Լուսանկար)

Հայ  Եկեղեցին  Հերոս Եկեղեցի Է.  Պուլոս  Սայահ  Արքեպիսկոպոս  (Լուսանկար)

 «Հայ  Եկեղեցին Հերոս Եկեղեցի է եւ ան    յաջողեցաւ մոխիրներրէն   յառնել  եւ վերականգնիլ» «Արեւելք»ին ըսաւ  Մարոնիներու  Պուլոս Սայահ   Արքեպիսկոպոս: Սրբազանը նաեւ նշեց, որ «Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ  կատարուած  միւռոնօրհնէքը,  մեծ վկայութիւն է  քրիստոնէական   հաւատքի մէկութեան»:         Պուլսոս  Սայահ  Արքեպիսկոս,  որ նաեւ յայտնեց, թէ ինք    Միւռոնօրհնէքին կը մասնկացի ,որպէս ներկայացուցիչը Մարոնիներու Րահի Կարտինալին: Սայահ Արքեպիսկոպոս   ըսաւ, որ   անցնող Ապրիլին  եւս     եկած էր Հայաստան  եւ մասնակցութիւն բերած Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ տարելիցի միջոցառումներուն: Ան  բարձր գնահատեց Մարոնի  եւ Հայ եկեղեցիին միջեւ առկայ կապերը եւ   կարեւորեց նման  պատմական  միջոցառման  մը կայացումը, որ կը կատարուի   7   տարին անգամ մը: «Մենք կը հաւատանք քրիստոնէական եկեղեցիներու միութեան  գաղափարին եւ այսօրուան  այս  զօրեղ  արարողութիւնը եւ համաքրիստոնէական հաւատքը լաւագոյն ապացոյցն են  եկեղեցիներուն միջեւ առկայ  խորագոյն սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութեան»: Նշենք, որ Սայահ Արքեկպիսկոպոս  ընդհանուր փոխանորդն է     Մարոնիներու Պշշարա Ալ Րահի Կարտինալին,որ նոյնպէս անցեալ Ապրիլին       մասնկացած էր Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ տարելիցի  միջոցառումներուն: