Իսրայէլացի ռազմական վերլուծաբան Եոսի Մելման մեկնաբանելով հրեայ սպայի խօսքերը այն մասին, թէ Իսրայէլ «Հըզպալլա»ին դէմ յաղթանակ մը տանելու համար պէտք է սպաննէ կուսակցութեան առաջնորդ Հասան Նասրալլան, ըսած է, թէ այդ խօսակցութիւնը լրիւ անտեղի է:
Ան աւելցուցած է, թէ «մենք այսօր շատ լաւ կրցած ենք հասկնալ,որ Նասրալլան Իսրայէլի սպաննութիւններու թիրախը չէ, որոհետեւ տարիներ առաջ Իսրայէլի համար մեծ դաս հանդիսացաւ Հասան Նասրալլայի նախորդը համարուող Ապպաս Ալ Մուսաուի սպաննութեան դէպքն ու անկէ ետք եղած վրէժխնդրութիւնը: Մանաւանդ երբ «Հըզպալլա» օգնեց Իրանին ռմբակոծելու Պուէնոս Այրէսի մէջ գտնուող Իսրայէլի դեսպանատունը,ապա նոյն քաղաքաին մէջ գտնուող հրէական համայնքի կեդրոնը: Ճիշդ այդ ժամանակ հասկցանք ,որ Իսրայէլի դէմ պայքարող կազմակերպութեան առաջնորդի մը սպաննութիւնը երբեմն չի ծառայեր մեր անվտանգութեան շահերուն ,այլ աւելի մեծ վնասներու կ՛ենթարկէ մեզ»: