image

Հալէպի շուրջ հաւաքուած են 7000 զինեալներ. Al Safir

Հալէպի   շուրջ  հաւաքուած են 7000 զինեալներ.  Al Safir

Շատ   հաւանական է, որ Հալէպի  մէջ տիրող համեմատական հանդարտութիւնը խախտուի  եւ կողմերը  վերադառնան զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու:  Այս մասին  կը փոխանցէ   արաբատառ  «Ալ Սաֆիր»  պարբերականը,  յղում ընելով՝ ռուս  բարձրաստիճան   զինուորականներու: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անցնող օրերուն հակառակ  անոր, որ ընդդիմադիր       խմբաւորումներ  ծանր   կորուստներ կրած են, կան  տեղեկութիւններ, որ  7000 զինեալներ  կը գտնուին ռազմական գործողութիւններու թէժ   թատերաբեմ դարձած  քաղաքի  հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն մէջ:  Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ ինչպէս մօտիկ անցեալին  եղած է, այսօր ռուսական կողմը մտադիր  չէ դադրեցնել մարտական  գործողութիւնները եւ  այդ իսկ պատճառով ներկայիս կը գործեն  մարդկային 7  անցքեր, որոնց միջոցաւ  հեռանալ ուզող զինեալները կրնան հեռանալ եւ  շրջանին  եղող  ծանր վիճակներու մէջ եղող քաղաքացիներուն համար կ'ապահովուի  անվտանգ  ելքի   ճանապարհ մը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ իր կարգին  Սուրիոյ ազգային  բանակը  յաւելեալ կուտակումներ կը կատարէ եւ կը պատրաստուի  շատ  հաւանաբար յառաջիկայ  օրերուն ծաւալելիք  պատերազմական մարտերուն: Ըստ ռուսական բանակին մէկ բանբերին, իրենց տնօրինումով Հալէպի մէջ օրական  3  ժամով հրադադարի ռէժիմ պիտի գործէ: