image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ 4 Հայ երիտասարդներ զոհուած են

Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ     4 Հայ երիտասարդներ զոհուած են

Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ  թաղամասին մէջ  4  հայ երիտասարդներ  զոհուած են: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Հալէպի իր աղբիւրէն:  Զոհուած հայորդիներն են՝ Վազգէն Ճապաղջուրեան, Լեւոն Քէլխաչերեան, Յովսէփ Ջանէցեան եւ  Խաչիկ Ապուլապութեան։ Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց,  որ զոհուած  հայ երիտասարդներուն դիակները  փոխադրուած են   շրջանի  մօտակայ հիւանդանոց:  Նշենք նաեւ, որ   երէկ  յետմիջօրէի   ժամերէն սկսեալ Հալէպի հայկական    տարբեր  շրջաններ թիրախ դարձած էին ծանր հրթիռարձակումներու, ըստ    տարբեր աղբիւրներու  զինեալները աւելի քան երեսուն հրթիռներ նետած են շրջանին  վրայ, եւ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով կան  նոյնպէս նիւթական ծանր վնասներ: