Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ այսօր Հալէպի մէջ եւս մատուցուած է Սուրբ եւ անմահ Պատարագ։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Հալէպի «Ռատիօ երազ»ը։ Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Հալէպի հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Ծննդեան պատարագ։
Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Շահան արք. Սարգիսեան պատարագած եւ յաւուր պատշաճի քարոզ տուած է Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Արարողութեան ներկայ եղած են մեծ թիւով հայորդիներ։
Լուսանկարը ՝«Ռատիօ Երազ»ի էջէն։